Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Անուար ակումբին (Ժտէյտէ, Մեթն) ընտրութիւնները յետաձգուեցան` նկատի ունենալով, որ անոնք չկատարուեցան, որովհետեւ անոնց կայացման համար բոլորը տեղեակ պէտք էր պահուէին նուազագոյնը 15 օր առաջ:
Ակումբի նախագահ Փոլ Քանաան բոլոր անդամները հրաւիրեց ժողովի, որպէսզի կարելի ըլլայ կայացնել նոր ընտրութիւնները, որոնց նոր թուականը պիտի յայտարարուի շուտով: