Գերմանիոյ ախոյեան Պայէրն Միւնիխ եօթներորդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ Գերմանիոյ գերբաժակակիր, երբ գերբաժակի մրցաշարքին գծով իր կատարած մրցումին 5-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Այնթրախթ Ֆրանքֆորթը:
Լեհ ֆութպոլիստ Ռոպերթ Լեւանտովսքի հեթրիքի հեղինակ դարձաւ (21-րդ, 26-րդ եւ 54-րդ), մինչ մնացեալ կոլերը նշանակեցին Քինկզլի Քոման (63-րդ) եւ Թիակօ Ալքանթարա (85-րդ):



