Մակեդոնիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին Վարտար 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Շքենտիայի հետ:
Մրցումին 5-րդ վայրկեանին, Վարտարի եւ մրցումին առաջին կոլը նշանակեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Տիգրան Բարսեղեան:
Յայտնենք, որ «Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Գ. հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ Վարտար 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած է Փիւնիկ Երեւանէն:



