«Շամփիոնաթ» յայտնեց, որ ռուսական Սիպիրի յետսապահ Սամուէլ Մնացեան, քաղցկեղի պատճառով պիտի չկարենայ շարունակել Ռուսիոյ Հաքիի ախոյեանութեան այս ամբողջ տարեշրջանը:
28 տարեկան Մնացեան այս ամառ Ատմիրալէն տեղափոխուած էր Սիպիր:
«Նովոսիպիրսքի մէջ կատարուած հետազօտութիւնները այդքան ալ լաւ արդիւնք չտուին: Այդ պատճառով ալ ան այժմ մեկնած է Գերմանիա, ուրկէ կը սպասենք վերջնական պատասխաններուն: Տեղեկութիւններ չէինք հրապարակեր, որպէսզի չմտահոգենք անոր հարազատները եւ հանրութիւնը», ըսաւ անոր գործակատարը` Շումի Պապայեւ: