«Սփորթց Մանիա» ընկերութեան կողմէ կազմակերպուած ընկերութիւններու եւ դրամատուներու մինի-ֆութպոլի վեթերաններու (35 տարեկան եւ վեր) մրցաշարքը հասաւ կիսաւարտական հանգրուանին:
Կեդրոնական դրամատան խումբը գրաւեց դասաւորման առաջին դիրքը, որուն յաջորդեցին «Ֆըրսթ նեշընըլ պանք», Պէյրութի եւ Արաբական երկիրներու դրամատուն, «Տար Հանտասա» եւ «Ալֆա»:
Առաջին չորսը ապահովեցին կիսաւարտականի իրենց տոմսերը, մինչ «Ալֆա» դուրս մնաց մրցաշարքէն: