Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանին պատրաստուող Պըրժ իր հրապարակած մէկ հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ լիբանանցի միջազգային նախկին միջնապահ Խալետ Թաքաճի միացաւ կազմին` լքելէ ետք իր ակումբը` Անսարը:
Լիբանանեան կարգ մը լրատուամիջոցներ յայտնեցին, որ ակումբին համար այս փոխանցումը ցարդ կը նկատուի ամէնէն կարեւորը, մանաւանդ նկատի ունենալով այն պարագան, որ Պըրժի ղեկավարութիւնը որոշած է այս տարեշրջանի աւարտին բարձրանալ Ա. դասակարգ: