Մամլոյ ասուլիս մը տալով` Ռիատի Պէյրութ Մանարայի իր ակումբին մէջ ներկայացուց իր աղջկանց կազմը, որ պիտի մասնակցի Լիբանանի պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանին:
Մամլոյ ասուլիսին ներկայ էին Ռիատիի նախագահ Մազեն Թապպարա, ընդհանուր քարտուղար Թամմամ Ժարուտի, պասքեթպոլի յանձնախումբին պատասխանատու Ժինա Խաթիպ, աղջկանց պասքեթպոլի յանձնախումբի պատասխանատու Քրիսթինա Թանուխի, մարզիչներ Մարուան Տիապ եւ Նեպիլ Հասսուն, ինչպէս նաեւ մարզական լրագրողներ:
Իրենց խօսքերուն մէջ Թապպարա եւ Ժարուտի նշեցին, որ իրենց ամէն կարելին պիտի ընեն նախորդ տարեշրջաններուն նման ունենալու զօրաւոր կազմ մը, որ պիտի պայքարի ախոյեանութեան տիտղոսին համար:
Նշենք, որ նախկին մարզիչ Էլի Նասըրի փոխարէն նոր մարզիչ նշանակուեցաւ Մարուան Տիապը:
Ապա ներկայացուեցան խումբին մարզիկները, որոնց մաս կը կազմեն նորեկ Նաթալի Սվաճեան եւ ուրիշներ:
Աղջկանց խումբին նախկին պատասխանատու Նէյլա Ալամէտտին Ժարուտի նշանակուեցաւ թեքնիք տնօրէն: