«Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Գ. հանգրուանի դարձի մրցումները եղան շատ կարեւոր մանաւանդ այն խումբերուն համար, որոնք երթին կրած էին պարտութիւններ եւ դարձի մրցումներուն կարիքը ունէին յաղթանակներու` մրցաշարքէն դուրս չմնալու համար:
Անոնցմէ մէկը եղաւ ռուսական Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկը, որ երթին իր կրած պարտութիւնը` 4-0 արդիւնքով, դարձին վերածեց 8-1 աննախընթաց արդիւնքով յաղթանակի մը (երկարաձգումէն ետք) եւ բնականաբար ապահովեց զտումի վերջին` 4-րդ հանգրուանի իր տոմսը:
Անիկա իր այս յաղթանակը արձանագրեց իր դաշտին վրայ` Տինամօ Մինսքի դէմ (Պիելոռուսիա), հակառակ անոր որ խումբը իր վերջին վեց կոլերը նշանակեց տասը մարզիկով, երբ 72-րդ վայրկեանին Փերետեւ կարմիր քարտ մը ստացաւ:
Իր կարգին, Տինամօ մրցումը շարունակեց տասը մարզիկով, երբ 120-րդ վայրկեանին Մաքսիմ Շվեթով կարմիր քարտ մը ստացաւ:
Դ. հանգրուանին Զենիթի մրցակիցը պիտի ըլլայ նորվեկիական Մոլտէն, որ մրցաշարքէն դուրս ձգեց սկովտիական Հիպերնիընը: