Լիբանանի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանին նախօրեակին, շարք մը ակումբներ իրենց կազմին մէջ կատարեցին մարզիկներու փոփոխութիւններ:
Ոմանք հեռացան իրենց կազմերէն` միանալով այլ խումբերու, մինչ ուրիշներ իրենց պայմանագրութիւնները երկարաձգեցին:
Ինչ կը վերաբերի մարզիչներուն, Սաժեսի մարզիչ Ֆուատ Աշու Շաքրա ստանձնեց Շանվիլի մարզիչի պաշտօնը, մինչ Ղասսան Սարգիս, որ նախորդ տարեշրջանին Շանվիլի մարզիչն էր, այժմ նշանակուեցաւ Սաժեսի մարզիչ:
Ստորեւ կը ներկայացնենք այն ակումբները, որոնք իրենց կազմերուն միացուցած են նոր մարզիկներ (որոնց կարգին են իրենց պայմանագրութիւնները երկարաձգած մարզիկներ), որոնք ցարդ կը նկատուին պաշտօնական.
ՀՄԸՄ.- Նէյթ Ռոպինսըն, Էլի Ռըսթոմ, Սեմի Մոնրօ, Քրիս Ճոնսըն, Ժերար Հատիտեան, Քարիմ Զէյնուն, Փաթրիք Պու Ապպուտ:
ՌԻԱՏԻ.- Պասել Պաուիժ, Քրիսթաֆըր Օպեքփա, Մարք Լայընզ, Հայկ Կէօքճեան:
ՊԷՅՐՈՒԹ.- Ալի Հայտար, Ռալֆ Աքըլ, Էլի Շամուն, Թերել Սթոկլին, Քայլ Հանթ, Չարլզ Թապեթ:
ՇԱՆՎԻԼ.- Ժատ Խալիլ, Ալի Մըզհեր, Նատիմ Հաուի, Տանիել Ֆարես, Նատիմ Սուէյտ, Տուայն Ճեքսըն եւ Աթեր Մաճոք:
ՀՈՒՓՍ.- Խալիլ Աուն:
ՖԸՐԶՈԼ.- Ճօ Ապի Խըրըս եւ Տեշոնթէ Ռիլէյ: