Անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտի միջնապահ Անտրէաս Փերէյրա դարձաւ Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի պատմութեան վերջին հարիւր տարուան առաջին ֆութպոլիստը, որ թէեւ Պրազիլի մէջ ծնած չէ, բայց պիտի կրէ անոր շապիկը, յայտնեց «Սքայ Սփորթց»:
22 տարեկան ֆութպոլիստը, որ ծնած է Պելճիքայի մէջ, հանդէս եկած է անոր պատանեկան հաւաքականներուն մէջ: Սակայն 2014-ին ան հրաւէր ստացած է Պրազիլի ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքականէն եւ 2015-ին անոր հետ մասնակցած Նոր Զելանտայի դէմ տեղի ունեցած աշխարհի երիտասարդական ախոյեանութեան:
Նախորդ երկու տարեշրջաններուն ան փոխ տրուած էր Կրանատայի եւ Վալենսիայի (Սպանիա):
11 սեպտեմբերին Պրազիլ Ուաշինկթընի մէջ պիտի մրցի Սալվատորի դէմ, իսկ 15 սեպտեմբերին` Միացեալ Նահանգներու դէմ (Նիւ Ճըրզի):