Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապիի:
Անոր ընկերակցեցան նաեւ ֆետերասիոնի անդամներ Էտի Պու Զախըմ, Թոնի Խալիլ, Էլի Ֆարհաթ, Ղազի Պուսթանի, Շարպել Ռըզք, Ժորժ Սապունճեան, Թամմամ Ժարուտի, Եասեր Հաժ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի տղոց 15 տարեկանէն վար ազգային խումբը, որ վերջերս Իրանի մէջ հանդիսացաւ Արեւմտեան Ասիոյ ախոյեան` առանց պարտութիւն կրելու:
Հալապի շնորհակալութիւն յայտնեց հանրապետութեան նախագահին այս ընդունելութեան համար` յոյս յայտնելով, որ ապագային այսպիսի իրագործումներ միշտ անպակաս կ՛ըլլան:
Իսկ նախագահ զօր. Միշել Աուն, շնորհաւորելով 15 տարեկանէն վար տղոց ազգային խումբին այս կարեւոր իրագործումը, յայտնեց, որ անոնք այս իրագործումը արձանագրելով եկան բարձր պահելու Լիբանանի անունը: Ան խումբին մաղթեց նորանոր յաջողութիւններ:
Ապա խմբապետ Ռուտի Հաժ Մուսա ախոյեանութեան բաժակը նուիրեց նախագահ Աունին: