ՖԻՖԱ-ի մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց, որ սպանական Աթլեթիքօ Մատրիտ ակումբը ենթարկուեցաւ տուգանքի` կանոնադրութիւնը խախտած ըլլալուն համար:
Խումբը 46 հազար եւրօ տուգանքի ենթարկուեցաւ, մարզիկներու փոխանցումներու եւ պայմանագրութիւններու կնքման ընթացքին երրորդ կողմի մասնակցութեան պատճառով:
Նախորդ տարեշրջանին Աթլեթիքօ Մատրիտ հանդիսացաւ Սպանիոյ փոխախոյեան, «Եւրոպայի լիկա»-ի բաժակակիր, մինչ շաբաթ մը առաջ տիրացաւ Եւրոպայի գերբաժակի մրցաշարքի տիտղոսին` յաղթելէ ետք Եւրոպայի ախոյեան Ռէալ Մատրիտին: