Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանին պատրաստուելու համար, Լիբանանի ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց խումբը սկսաւ իր փորձերուն` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:
Խումբին մարզիկներուն մօտ տրամադրութիւնները բարձր են եւ անոնք կը հետեւին լուրջ փորձերու` տիտղոսը պահելու համար իրենց մօտ: