Հայկական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ հայրենի կրանտմասթըր Յովհաննէս Գաբուզեան իր տպաւորիչ ելոյթներուն շնորհիւ տիրացաւ Ուաշինկթընի ճատրակի միջազգային բաց մրցաշարքի տիտղոսին` առաւելագոյն 9 կէտէն ապահովելով 7,5 կէտ:
Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 72 ճատրակ խաղացողներ, որոնց կարգին` 22 կրանտմասթըրներ:
Միացեալ Նահանգները ներկայացնող Սամուէլ Սեւեան 6 կէտ ապահովելով գրաւեց 5-րդ դիրքը:
Այլ մրցաշարքի մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ, Հայաստանի ներկայացուցիչներէն լաւագոյն արդիւնքը արձանագրեց Գաբրիէլ Սարգսեան, որ 7 կէտով գրաւեց 4-րդ դիրքը:
Ապու Տապիի Մասթըրզի մրցաշարքի այս տիտղոսին տիրացաւ ռուս Տանիլ Տուպով (7,5 կէտով):
Հայաստանի մնացեալ ներկայացուցիչները գրաւեցին հետեւեալ դիրքերը.
Վլատիմիր Յակոբեան` 18-րդ (6 կէտ), Տիգրան Լ. Պետրոսեան` 41-րդ (5,5 կէտ) եւ Էդուարդ Յակոբեան` 139-րդ (3 կէտ):
Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 31 երկիրներու 158 ճատրակ խաղացողներ, որոնց կարգին` 47 կրանտմասթըրներ: