Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Սամի Ժեմայել, Սայֆիի մէջ գտնուող կուսակցութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապիի:
Անոր կ՛ընկերակցէին փոխնախագահ Էտի Պու Զախըմ, ընդհանուր քարտուղար Թոնի Խալիլ, ինչպէս նաեւ անդամներ Շարպել Ռըզք, Ղազի Պուսթանի, Ժորժ Սապունճեան եւ Եասեր Հաժ:
Այս հանդիպումին ներկայ եղան նաեւ կուսակցութեան մարզական բաժանմունքի նախագահ Ֆարես Մըտաուար եւ Լիբանանի տղոց ազգային խումբի նախագահ Ժոզեֆ Ապտելմասիհ:
Պատուիրակութիւնը Սամի Ժեմայելը տեղեակ պահեց պասքեթպոլի ֆետերասիոնին տարած եւ տանելիք աշխատանքներուն մասին` աւելցնելով, որ անիկա պիտի շարունակէ աշխատիլ պասքեթպոլին ի խնդիր:
Երեսփոխան Ժեմայել ֆետերասիոնին շնորհակալութիւն յայտնեց այս այցելութեան համար եւ դրուատիքով արտայայտուեցաւ նախկին ընդհանուր քարտուղար Շարպել Ռըզքի տարած աշխատանքներուն մասին` յոյս յայտնելով, որ ֆետերասիոնը նոյն թափով կը շարունակէ իր աշխատանքները: