Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պարսելոնա տպաւորիչ յաղթանակով մը սկսաւ «Լա լիկա»-ի Ա. հանգրուանին իր կատարած մրցումը, երբ 52 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, 3-0 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Տեփորթիւօ Ալաւեսին:
Լիոնել Մեսսի տուպլէ մը իրագործեց (64-րդ եւ 92-րդ), մինչ երրորդ կոլը նշանակեց Ֆիլիփ Քութինիօ (83-րդ):
9 տարի առաջ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 5000-րդ կոլը նշանակած Մեսսի, յաջողեցաւ այս մրցումին ընթացքին այս անգամ նշանակել ախոյեանութեան 6000-րդ կոլը:
Պարսելոնայէն Անտրես Ինիեսթայի հեռանալէն ետք այժմ Մեսսի ինք կը հանդիսանայ խումբին խմբապետը: