Մարզական

Մխիթարեանի Կոլը` Արսենալի Օգոստոս Ամսուան Լաւագոյնը

Իր պաշտօնական կայքին ընդմէջէն Արսենալ տեղեկացուց, որ իր խումբի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի` Չելսիի բերդին մէջ նշանակած կոլը ակումբին համակիրներուն կողմէ ճանչցուեցաւ օգոստոս ամսուան լաւագոյն կոլը: Այլ գետնի վրայ, իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբի խմբապետ Մխիթարեան յայտնեց, որ հաւաքականի իր խմբակիցներուն հետ այժմ կը պատրաստուի «Ազգերու լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին:

«Եու. Է. Էֆ. Ա.» Ֆութպոլ. «Ազգերու Լիկա». Այսօր` Հայաստան – Լիխթնշթայն

Երեւանի հանրապետական մարզադաշտին վրայ այսօր` հինգշաբթի, 6 սեպտեմբերին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը կը հիւրընկալէ Լիխթնշթայնը: Այս մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 19:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), կ՛իյնայ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի «Ազգերու լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ (Դ. դասակարգ, 4-րդ խմբակ): «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի պաշտօնական կայքը կը տեղեկացնէ, որ այս մրցումին իրաւարարները պիտի ըլլան Ալպանիայէն: Այս մրցումէն երեք...

«Եու. Է. Էֆ. Ա.» Ֆութպոլ. «Ազգերու Լիկա». Այսօր Տեղի Ունենալիք Մրցումներուն Յայտագիրը

Եւրոպայի տարածքին այսօր տեղի կ՛ունենան շարք մը ճակատումներ, որոնք կ՛իյնան «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի «Ազգերու լիկա»-ի ֆութպրոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ: Խումբերը բաժնուած են չորս տարբեր դասակարգերու: Ստորեւ` մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով). Ա. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. Ա. ԽՄԲԱԿ        ԺԱՄ Գերմանիա - Ֆրանսա 21:45 Բ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. Ա. ԽՄԲԱԿ   Չեխիա - Ուրքանիա 21:45 Բ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. Դ. ԽՄԲԱԿ   Կալես - Իրլանտա 21:45 Գ....

Թենիս. «Եու. Էս. Օփըն».  Նատալ Ապահովեց Կիսաւարտականի Իր Տոմսը` Դժուարութեամբ Յաղթելէ Ետք Աւստրիացի Թիեմի

Թենիս. «Եու. Էս. Օփըն». Նատալ Ապահովեց Կիսաւարտականի Իր Տոմսը` Դժուարութեամբ Յաղթելէ Ետք Աւստրիացի Թիեմի

Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցող թենիսի «Եու. Էս. Օփըն»-ի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ տիտղոսակիր եւ աշխարհի թիւ 1 դասուած մարզիկ սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ բաւական մեծ դժուարութեամբ յաղթեց իր մրցակիցին` աստրիացի Տոմինիք Թիեմի, 0-6, 6-4, 7-5, 6-7 եւ 7-6 արդիւնքով: Ռաֆայէլ Նատալ Անոնց միջեւ այս ճակատումը տեւեց 4 ժամ 50 վայրկեան: Կիսաւարտականին Նատալ իր դէմ պիտի ունենայ...

Աշխարհի Ակումբներու Ախոյեանութիւն. Ռէալ Մատրիտ Մրցաշարքին Կը Սկսի Կիսաւարտականէն

Աշխարհի ֆութպոլի ակումբներու ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ  Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ: Ախոյեանութեան կը մասնակցին աշխարհի չորս ցամաքամասերուն զօրաւորագոյն խումբերը: Տեղի ունեցած վիճակաձգութեան հիմամբ, Ռէալ Մատրիտ մրցաշարքին կը սկսի կիսաւարտականէն, երբ 19 դեկտեմբերին կը մրցի Ասիոյ ախոյեանին կամ մեքսիքական Կուատալախարայի դէմ: Երկրորդ կիսաւարտականին Ափրիկէի ախոյեան - Այն մրցումին յաղթականը Լիպերթատորեսի բաժակակիր - նորվեկիական Թիմ Վելինկթոն մրցումին յաղթականին դէմ պիտի մրցի: Աւարտական...

«Լա Լիկա». Ժիրոնա – Պարսելոնա Մրցումը` Մայեմիի Մէջ

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա լիկա»-ի 21-րդ հանգրուանին գծով Ժիրոնա - Պարսելոնա մրցումը տեղի կ՛ունենայ Միացեալ Նահանգներու մէջ: «Սփորթ. Էս.» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ 27 յունուար 2019-ին, Մայեմիի մէջ գտնուող «Ռոք Սթատիում» մարզադաշտին վրայ: Նշուեցաւ նաեւ, որ Ժիրոնայի պատասխանատուները անվճար տոմսեր կը պահանջեն իրենց համակիրներուն համար` զանոնք Միացեալ Նահանգներ հասցնելու համար: Թէեւ «Լա լիկա»-ի խումբերուն խմբապետները...

Ռէալ Մատրիտ Պատրաստ Է Կրիզմանի Համար Վճարելու… 200 Միլիոն Եւրօ

Եւրոպական շարք մը լրատու գործակալութիւններ հաղորդեցին, որ Ռէալ Մատրիտ կը շարունակէ իր աշխատանքները` ձեռք ձգելու համար Աթլեթիքօ Մատրիտի ֆրանսացի յառաջապահ Անթուան Կրիզմանի ստորագրութիւնը: Ըստ կոլ.քոմ կայքին, արքայական ակումբը պատրաստ է Կրիզմանի փոխանցման համար վճարելու 200 միլիոն եւրօ:

Միշել Սալկատօ` Եգիպտոսի Ֆութպոլի Ազգային Խումբի Մարզիչի Օգնական

Ռէալ Մատրիտի եւ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին ֆութպոլիստ Միշել Սալկատօ նշանակուեցաւ Եգիպտոսի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչի օգնական, յայտնեց երկրին ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը: Նախորդ օգոստոսէն ի վեր խումբին մարզիչն է Խաւիէ Ակիրէ:  

Եւրոպացի Մարզիչները Կ՛առաջարկեն Վերցնել Մրցակիցի Դաշտին Վրայ Կոլ Նշանակելու Առաւելութիւնը

«ՌՈՅԹԸՐԶ» լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ Եւրոպայի յառաջատար ֆութպոլի ակումբներուն մարզիչները առաջարկած են վերցնել մրցակիցի դաշտին վրայ կոլ նշանակելու առաւելութիւնը: Այս գծով յայտարարած է «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի ընդհանուր քարտուղար Ճիորճիօ Մարթետ` Նիոնի մէջ (Զուիցերիա), անոնց հետ իր ունեցած հանդիպումէն ետք: «Մարզիչները կը կարծեն, որ հիմա այդքան ալ դժուար չէ օտար դաշտերու վրայ տեղի ունեցած մրցումներուն կոլ նշանակելը: Անոնք կ՛առաջարկեն...

Պասքեթպոլ. Լիբանան – Չինաստան Մրցումը` Հինգշաբթի, 13 Սեպտեմբերին

Ինչպէս ծանօթ է, հինգշաբթի, 13 սեպտեմբերին, Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը բաւական կարեւոր մրցում մը ունի կատարելիք, երբ «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ) հիւրընկալէ Չինաստանը: Այս մրցումը կ՛իյնայ աշխարհի բաժակի մրցաշարքի Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ: Այս մրցաշարքին աւարտական հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ 2019-ին` Չինաստանի մէջ: Մայրիներու կազմին համար այս մրցումը կը նկատուի բաւական կարեւոր, որովհետեւ յաղթանակ մը արձանագրելը...

Թրիաթլոն. Ալֆա-Սայտա Օլիմփիք.  ՀՄԸՄ Հանդիսացաւ Երկրորդ. Տանայեան` Երկրորդ, Ուրֆալեան` Երրորդ

Թրիաթլոն. Ալֆա-Սայտա Օլիմփիք. ՀՄԸՄ Հանդիսացաւ Երկրորդ. Տանայեան` Երկրորդ, Ուրֆալեան` Երրորդ

«Սայտա Ինթըրնեշընըլ-Մարաթոն»-ի միութիւնը, գործակցութեամբ Սայտայի քաղաքապետութեան եւ հսկողութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին, կիրակի, 2 սեպտեմբերին, Սայտայի մէջ կազմակերպեց «Ալֆա-Սայտա Օլիմփիք թրիաթլոն-2018» մրցումը` հովանաւորութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի: Այս մրցումը կ՛ընդգրկէր լողարշաւ հեծելարշաւ եւ վազք: Առաւօտեան ժամը 7:00-ին սկսած այս մրցումին իրենց մասնակցութիւնը բերին տարբեր ակումբներու մաս կազմող բազմաթիւ մարզիկներ` տարբեր դասակարգերու մէջ (9 տարեկանէն վեր): Մրցումին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ լիբանանահայեր, որոնք...

Ճատրակ. Ժուրըթ Թըրմոսի Միջազգային Մրցաշարք.  Լորի Գարաճեան` Առաջին Ճիօ Գալուստ` Երրորդ

Ճատրակ. Ժուրըթ Թըրմոսի Միջազգային Մրցաշարք. Լորի Գարաճեան` Առաջին Ճիօ Գալուստ` Երրորդ

Հսկողութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, Ժուրըթ Թըրմոսի քաղաքապետութիւնը կիրակի, 2 սեպտեմբերին կազմակերպեց շրջանին անունը կրող ճատրակի միջազգային առաջին մրցաշարքը` իր մարզադաշտին մէջ: Տեղի ունեցան տարիքային տարբեր դասակարգերու մրցումներ: Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ լիբանանահայեր: Աղջկանց 14 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ առաջին դիրքը գրաւեց Լորի Գարաճեան, որ առաւելագոյն 7 կէտէն ապահովեց 5 կէտ: Տղոց գլխաւոր մրցաշարքին տիտղոսակիր դարձաւ Ահմետ Նաժժար, որ ապահովեց...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Պիպլոս – ՀՄԸՄ` 79-80

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Կիրակի, 9 Սեպտեմբերին` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Անուար

Նախորդ շաբաթավերջին սկսաւ Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանը, երբ տեղի ունեցան քանի մը մրցումներ` Ա. եւ Բ. խմբակներուն մէջ: Բ. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ Պէյրութ ախոյեանութիւնը սկսաւ յաղթանակով, երբ «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ եօթը կէտի տարբերութեամբ` 49-42 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Մութթահետ Թրիփոլիի դէմ: Ա. խմբակին մէջ, Հուփս Մեթն պարտուեցաւ «Եու. Էս. Ճի.»-ին (63-53), իսկ Անդրանիկ Սին...

Արզի 27-րդ Ռելին.  Ռոժէ Ֆըղալի Տիտղոսը Պահեց Իր Մօտ

Արզի 27-րդ Ռելին. Ռոժէ Ֆըղալի Տիտղոսը Պահեց Իր Մօտ

Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Արզի 27-րդ ռելին` հիւսիսային Լիբանանի մէջ, հովանաւորութեամբ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի: Այս ռելին Լիբանանի ռելիներու ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանն էր եւ անոր երկարութիւնն էր 318,42 քմ: Լիբանանի ռելիներու ախոյեան Ռոժէ Ֆըղալի տիտղոսը պահեց իր մօտ, երբ իր օգնականին` Ժոզեֆ Մաթարի հետ արձանագրեց 1 ժամ 06' 33" արդիւնք մը («Սքոտա-Ֆապիա-Ար.-5»): Երկրորդ...

Նախարար Ֆընէյշ Ընդունեց Լիբանանի Փինկ Փոնկի Ֆետերասիոնի Մէկ Պատուիրակութիւնը

Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ նախարարութեան իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Ժորժ Քուփալի եւ ֆետերասիոնի անդամ Նաժի Հալլալ: Այս հանդիպումին քննարկուեցան փինկ փոնկի մարզը յուզող հարցեր, ինչպէս նաեւ քննարկուեցաւ օտար մարզիչի նշանակման հարցը` այս մարզաձեւը աւելի յառաջ տանելու նպատակով: Պատուիրակութիւնը նախարարին շնորհակալութիւն յայտնեց այս ընդունելութեան համար:...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Ահտ Տիրացաւ Գերբաժակի Մրցաշարքի Տիտղոսին

Նախորդ շաբաթավերջին Քամիլ Շամունի անուան մարզական աւանին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքին մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ ճակատեցան Լիբանանի ախոյեան Ահտ եւ Լիբանանի բաժակակիր Նըժմէ: Ահտ եօթներորդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ տիտղոսակիր` 1-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք իր մրցակիցին: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Ահտի մարզիկ Մոհամետ Քատտուհ: Աւարտին յաղթական խումբը իր բաժակը ստացաւ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Հաշեմ Հայտարէն: Օրուան...

Պետմինթըն. Պաշտօնական Բացում` Արաբական Ախոյեանութեան

Երէկ յետմիջօրէին, Քաուսար վարժարանին մէջ (Պէյրութի միջազգային օդակայանի ճամբուն վրայ), պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ պետմինթընի արաբական ախոյեանութեան` ներկայութեամբ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշի: Սոյն ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն աւելի քան 70 երկսեռ մարզիկներ` 15 եւ 17 տարեկանէն վար դասակարգի մրցումներուն: Պաշտօնական բացումէն ետք տեղի ունեցան շարք մը մրցումներ: Լուսանկարը Տրամադրեց` ՀՈՒՍԱՄ ՇՊԱՐՕ

Պասքեթպոլ. Տարհուն – Հարիսա Տիրացաւ Գիւղերու Մրցաշարքի Տիտղոսին

Նախորդ շաբաթ իր աւարտին հասաւ լիբանանեան գիւղերու պասքեթպոլի մրցաշարքը, որ տեղի կ՛ունենար չորրորդ տարին ըլլալով` կազմակերպութեամբ «Սփորթց Մանիա» ընկերութեան եւ հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին: Մազրաաթ Եաշուհի դաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցաշարքի աւարտականին, Տարհուն-Հարիսա տիրացաւ տիտղոսին` 64-42 արդիւնքով յաղթելէ ետք Մազրաաթ Եաշուհ խումբին, մեծաթիւ հանդիսատեսներու ներկայութեան: Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 24 խումբեր: Սակայն կազմակերպիչ յանձնախումբը յայտնեց, որ յառաջիկայ ամառ...

Թենիս. «Եու. Էս. Օփըն».  Միլման Ստեղծեց Մեծագոյն Անակնկալը` Մրցաշարքէն Դուրս Ձգելով 2-րդ Դասուած Ֆետերերը

Թենիս. «Եու. Էս. Օփըն». Միլման Ստեղծեց Մեծագոյն Անակնկալը` Մրցաշարքէն Դուրս Ձգելով 2-րդ Դասուած Ֆետերերը

Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցող թենիսի «Եու. Էս. Օփըն»-ի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ` մրցաշարքին 8-րդ օրը, չդասուած աւստրալիացի Ճոն Միլման ստեղծեց մեծագոյն անակնկալը, երբ մրցաշարքէն դուրս ձգեց տիտղոսին թեկնածուներէն 2-րդ դասուած զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերերը: Ճոն Միլման 29 տարեկան աւստրալիացին արձանագրեց 3-6, 7-5, 7-6 եւ 7-6 արդիւնքով յաղթանակ մը եւ ապահովեց 1-16-րդ հանգրուանի իր տոմսը: Ֆետերեր կատարեց...

Ակնարկ.  Ակումբի Մը Ամէնէն Երկարատեւ  Ծառայած Ֆութպոլիստներ

Ակնարկ. Ակումբի Մը Ամէնէն Երկարատեւ Ծառայած Ֆութպոլիստներ

ԹՈՐԳՈՄ Ներկայ ժամանակներուն քիչ մը տարօրինակ կրնայ թուիլ, որ ոչ շատ հեռաւոր անցեալին եղած են տաղանդաւոր ֆութպոլիստներ, որոնք իրենց մարզիկի ամբողջ ասպարէզը անցուցած են միայն մէկ ակումբի մէջ: Այսօր բացառիկ շահաբեր է մարզիկի մը համար ամէն տարի խումբ փոխելը: Այն աստիճանի հասած ենք, որ ակումբները բոլորն ալ կորսնցուցած են իրենց դիմագիծերը, աւելի ճիշդ` բոլոր ակումբներն ալ միշտ անդիմագիծ կը դառնան,...

Page 796 of 1278 1 … 795 796 797 … 1,278

Արխիւներ