Հսկողութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, Ժուրըթ Թըրմոսի քաղաքապետութիւնը կիրակի, 2 սեպտեմբերին կազմակերպեց շրջանին անունը կրող ճատրակի միջազգային առաջին մրցաշարքը` իր մարզադաշտին մէջ:
Տեղի ունեցան տարիքային տարբեր դասակարգերու մրցումներ:
Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ լիբանանահայեր:
Աղջկանց 14 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ առաջին դիրքը գրաւեց Լորի Գարաճեան, որ առաւելագոյն 7 կէտէն ապահովեց 5 կէտ:
Տղոց գլխաւոր մրցաշարքին տիտղոսակիր դարձաւ Ահմետ Նաժժար, որ ապահովեց 6,5 կէտ:
Անոր ետին 6-ական կէտ ապահովեցին Ֆատի Իտ եւ Ճիօ Գալուստ:
Թայ-պրէյքը պատճառ դարձաւ, որ Ֆատի Իտ գրաւէ երկրորդ դիրքը, մինչ Ճիօ Գալուստ հանդիսացաւ երրորդ:
ԱՅԼ ԳԵՏՆԻ վրայ, Մաշարիհ ակումբը կը կազմակերպէ ճատրակի մրցաշարք մը, որ տեղի կ՛ունենայ անոր ակումբին մէջ, կիրակի, 9 սեպտեմբերին, առաւօտեան ժամթ 9:00-էն 14:00:
Արձանագրութեան վերջին պայմանաժամ ճշդուած է ուրբաթ, 7 սեպտեմբերը:
2018-ի ամառնային այս մրցաշարքին մասնակցիլ փափաքողները կրնան կապ հաստատել կազմակերպիչ ակումբին հետ` իրենց անունները արձանագրելու համար (78-838013):




