Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ նախարարութեան իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Ժորժ Քուփալի եւ ֆետերասիոնի անդամ Նաժի Հալլալ:
Այս հանդիպումին քննարկուեցան փինկ փոնկի մարզը յուզող հարցեր, ինչպէս նաեւ քննարկուեցաւ օտար մարզիչի նշանակման հարցը` այս մարզաձեւը աւելի յառաջ տանելու նպատակով:
Պատուիրակութիւնը նախարարին շնորհակալութիւն յայտնեց այս ընդունելութեան համար: