Մարզական

Չորեքշաբթի, 12 Սեպտեմբերին. Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոն – «Սոսիեթէ Ժեներալ» Պայմանագիրի Կնքում

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ չորեքշաբթի, 12 սեպտեմբերին տեղի պիտի ունենայ պայմանագիրի կնքում` ֆետերասիոնին եւ «Սոսիեթէ Ժեներալ» դրամատան միջեւ, որ պիտի ըլլայ ֆետերասիոնին գործընկերները: Անիկա տեղի պիտի ունենայ «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ), կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին:

Ուոթըր – Փոլօ. Լիբանանի Ախոյեանութեան. Սեւակ Տեմիրճեանի Խումբը Լիբանանի Ախոյեան

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի լողարշաւի ֆետերասիոնին, «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի (Քասլիք) ողիմպիական լողաւազանին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի Ուոթըր-Փոլոյի 15-րդ ախոյեանութիւնը: Սաթելիթի Ֆէյթրուն ակումբը, ապահովելով 12 կէտ, հանդիսացաւ ախոյեան` տիտղոսը պահելով իր մօտ: Երկրորդ դիրքը գրաւեց «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» (9 կէտ), մինչ երրորդ դիրքը` 1875 (3 կէտ): 3-ական կէտ ապահովեցին նաեւ Հոլիտէյ Պիչ եւ Աքուա Մարինա: Աւարտական մրցումէն ետք, Լիբանանի լողարշաւի ֆետերասիոնի...

Կիրակի, 23 Սեպտեմբերին. «Ռետ-Պուլ – Քար Փարք Տրիֆթ»-ը` Նահատակաց Հրապարակին Շուրջ

Մասնակցութեամբ 11 երկիրներէ եկած փորձառու եւ անուանի վարորդներու, կիրակի, 23 սեպտեմբերին, Պէյրութի Նահատակաց հրապարակին շուրջ տեղի պիտի ունենայ «Ռետ Պուլ- Քար Փարք Տրիֆթ»-ը: Տասը տարի առաջ սկիզբ առած ցուցադրական այս ելոյթները արդէն իսկ մեծ խանդավառութիւն կու գան հաղորդելու լիբանանցի մարզասէրներուն, որոնք բնականաբար հազարներով պիտի ուղղուին Պէյրութի Նահատակաց հրապարակ ներկայ գտնուելու այս իւրայատուկ ելոյթներուն: «Ռետ Պուլ - Քար Փարք Տրիֆթ»-ը սկիզբ...

Պասքեթպոլ. Քաղաքապետութիւններու Առաջին Ախոյեանութիւնը Սկիզբ Առաւ

Կազմակերպութեամբ «Սփորթց-Մանիա» ընկերութեան, հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին եւ զօրակցութեամբ Պսալիմի քաղաքապետութեան ու հիւսիսային մեթնի քաղաքապետական խորհուրդներու համադաշնակցութեան, սկիզբ առաւ քաղաքապետութիւններու պասքեթպոլի տղոց առաջին ախոյեանութիւնը: Անոր իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն հետեւեալ 16 քաղաքապետութիւնները. Ղապա, Քահքուր, Հատաս, Մրուժ, Օքայպէ, Նապայ, Մթայլեպ, Տէյր Ղազալ, Նամմուրա, Համմանա, Ռըմէյշ, Տհուր-Շուէյր, Թաննուրին, Պալլունէ, Տամուր եւ Պսալիմ: Բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան հիւսիսային մեթնի քաղաքապետական խորհուրդներու համադաշնակցութեան նախագահ...

Վարդան Մինասեան. «Մակեդոնիոյ Դէմ Կատարուելիք Մրցումին Տեղի Պիտի Ունենան Փոփոխութիւններ»

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Վարդան Մինասեան «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի «Ազգերու լիկա»-ի մրցաշարքին իր կազմին արձանագրած յաղթանակէն ետք (Լիխթնշթայնի դէմ` 2-1 արդիւնքով) յայտնեց, որ Մակեդոնիոյ դէմ կատարուելիք յաջորդ մրցումին հիմնական կազմին մէջ պիտի կատարուին փոփոխութիւններ: Անդրադառնալով 4-2-4 խաղաոճին` ան ըսաւ, որ ատիկա կրնայ կիրարկուիլ նաեւ յառաջիկայ մրցումներուն ընթացքին: Ինչ կը վերաբերի Մակեդոնիոյ կազմին, ան յայտնեց, որ ինք լաւապէս...

Փոկպա Հաշտուեցաւ Մուրինիոյի Հետ

Անգլիական «Միրըր» թերթը կը յայտնէ, որ Մանչեսթըր Եունայթըտի ֆրանսացի միջնապահ Փոլ Փոկպա հաշտուած է իր մարզիչին` Ժոզէ Մուրինիոյի հետ: Փորթուգալցի մարզիչին հետ իր ունեցած հանդիպումէն ետք, Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի 25 տարեկան մարզիկը որոշած է չհեռանալ խումբէն: Կողմերը պայմանաւորուած են, որ Փոկպա այդ մասին չմտածէ` մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը: Բայց եւ այնպէս, Փոկպա մտադիր է հեռանալ Մանչեսթըր Եունայթըտէն եւ այդ...

Թենիս. «Եու. Էս. Օփըն» Սերենա Ուիլիըմզ – Նաոմի Օսաքա Աղջկանց Աւարտական

Այս շաբաթավերջին Միացեալ Նահանգներու մէջ կ՛աւարտի այս տարուան վերջին կրան շլեմը` թենիսի «Եու. Էս. Օփըն»-ի միջազգային բաց մրցաշարքը: Աղջկանց աւարտականին իրարու դէմ պիտի մրցին ամերիկացի Սերենա Ուիլիըմզ եւ ճափոնցի Նաոմի Օսաքա: Կիսաւարտականին իր կատարած մրցումին, 36 տարեկան Ուիլիըմզ (դասուած` 17-րդ) 6-3 եւ 6-0 արդիւնքով հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց Անասթասիա Սեւասթովայի (Լաթվիա, 19-րդ) դէմ: Իսկ 20-րդ դասուած ճափոնցի Օսաքա իր յաղթանակը...

Հեծելարշաւ. Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը Մեկնեցաւ Ալճերիա

Իր մասնակցութիւնը բերելու համար Ալճերիոյ մէջ տեղի ունենալիք երիտասարդներու (17-18 տարեկան) արաբական հեծելարշաւի ախոյեանութեան, լիբանանեան պատուիրակութիւնը երէկ մեկնեցաւ Ալճերիա: Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Քայսար Սալլում, մինչ մարզիկներն են` Քարլ Տեմիրճեան եւ Հատի Պաալպաքի: Արաբական այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն արաբական 13 երկիրներ: Տեմիրճեան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ ժամացոյցի դէմ մրցումին, մինչ Պաալպաքի եւ Տեմիրճեան` անհատական մրցումներու: Այլ գետնի վրայ, Հասան...

8-9 Սեպտեմբերին. Ուէյքպորտի Միջերկրականեան Ախոյեանութիւնը

Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին եւ Լիբանանի ծովային դահուկարշաւի ֆետերասիոնին, շաբաթավերջին` 8-9 սեպտեմբերին տեղի պիտի ունենայ Ուէյքպորտի միջերկրականեան ախոյեանութիւնը: Տեղի պիտի ունենան 10, 14, 16 եւ 18 տարեկան դասակարգի, ինչպէս նաեւ մեծ տղոց եւ աղջկանց, վեթերաններու եւ մասթըրզի մրցումները: Ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Ուատիհ Զէյլահ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ առաջին անգամ ըլլալով տեղի ունենալիք այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 52...

Քարաթէ. Ճափոնի Ախոյեանութիւն. Լիբանան Տիրացաւ 1 Ոսկի Եւ 1 Պրոնզ Մետալի

Լիբանան յաջողեցաւ կարեւոր նուաճում մը ձեռք ձգել, երբ Ճափոնի քարաթէի ախոյեանութեան, որ կազմակերպուած էր Ճափոնի քարաթէի ֆետերասիոնին կողմէ, կրցաւ տիրանալ 1 ոսկի եւ 1 պրոնզ մետալի: Մասթըրզի մրցումներուն, Քամալ Հելու Լիբանանին ապահովեց ոսկի մետալ մը: 45 տարեկան եւ վեր այս դասակարգի մրցումներուն մասնակցեցան 111 մարզիկներ` Ճափոնի տարբեր քաղաքներէն: Իսկ խմբային մրցումներուն, որոնց իրենց մասնակցութիւնը բերին 32 խումբեր, Լիբանան շնորհիւ Քամալ...

Երկուշաբթի, 10 Սեպտեմբերին. Շեպիպեթ Պաուշրիէ Պիտի Գումարէ Յատուկ Նիստ Մը

Երկուշաբթի, 10 սեպտեմբերին, Շեպիպեթ Պաուշրիէ պիտի գումարէ յատուկ նիստ մը իր նախագահին` Ուալիտ Շըհատէ Քասուֆի նախագահութեամբ: Այս նիստը, որ տեղի պիտի ունենայ Միշել Մըրի անուան մարզահամալիրին մէջ (Պաուշրիէ), պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 18:00-ին: Ժողովականներու օրակարգին գլխաւոր նիւթը պիտի վերաբերի տղոց վոլիպոլի խումբին, որ մօտերս իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Լիբանանի վոլիպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանին: Յայտնենք, որ Պաուշրիէ բազմաթիւ անգամներ...

«Եու. Է. Էֆ. Ա.» – «Ազգերու Լիկա». Հայաստան Արձանագրեց Իր Առաջին Յաղթանակը Լիխթնշթայնի Դէմ` 2-1 Արդիւնքով

Երէկ գիշեր Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը յաղթանակով մը սկսաւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի նորաստեղծ մրցաշարքը` «Ազգերու լիկա»-ն: Դ. դասակարգի Դ. խմբակին մէջ ընդգրկուած Հայաստան յաջողեցաւ 2-1 արդիւնքով յաղթել Լիխթնշթայնին: Երեւանի հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումին, գլխաւոր մարզիչ Վարդան Մինասեան կիրարկեց 4-2-4 գերյարձակողական խաղաոճ մը: Մրցումին հաշիւը բացաւ Մարքոս Փիցելլի (30-րդ), երբ էսիսթ մը ստացաւ Արազ Օզպիլիսէն: Սակայն հիւր...

Միջազգային Ֆութպոլ. Հայաստանի 19 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը Պիտի Պայքարի 5-8-րդ Դիրքին Համար

Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցող ֆութպոլի միջազգային մրցաշարքի մը իր մասնակցութիւնը բերող Հայաստանի 19 տարեկանէն վար հաւաքականը կրեց իր երրորդ յաջորդական պարտութիւնը, աս անգամ` Ռուսիոյ իր հասակակիցներէն, 2-0 արդիւնքով: Բ. խմբակին մաս կազմող հայրենի կազմը նախորդ երկու մրցումներուն պարտուած էր Լաթվիայէն (1-0) եւ Մոլտովայէն (4-1): Իրենց արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, ռուսերը ապահովեցին կիսաւարտականին իրենց տոմսը: Անոնց յաջորդ մրցակիցը պիտի ըլլայ...

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»- Ազգերու Լիկա. Գերմանիա – Ֆրանսա` 0-0

Երէկ` Հինգշաբթի, Սկիզբ Առաւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-Ի Ազգերու Լիկայի Ֆութպոլի Մրցաշարքը: Գագաթի Ճակատումին, Ուր Իրարու Դէմ Մրցեցան Գերմանիա Եւ Ֆրանսա, Որեւէ Կոլ Չնշանակուեցաւ: Ստորեւ` Երէկուան Մրցումներուն Արդիւնքները. Ա. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. Ա. ԽՄԲԱԿ Գերմանիա - Ֆրանսա 0-0 Բ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. Ա. ԽՄԲԱԿ Չեխիա - Ուքրանիա 1-2 Բ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. Դ. ԽՄԲԱԿ Կալես - Իրլանտա 4-1 Գ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. Գ. ԽՄԲԱԿ Նորվեկիա - Կիպրոս 2-0...

Եւրոպական Ֆութպոլ.  Մպափէ Եւ Ռեշֆորտ Կախակայուեցան

Եւրոպական Ֆութպոլ. Մպափէ Եւ Ռեշֆորտ Կախակայուեցան

Ֆրանսայի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը տեղեկացուց, որ Փարիզ Սեն Ժերմենին մաս կազմող ֆրանսացի միջազգային յառաջապահ Քիլիան Մպափէ երեք մրցումով կախակայուեցաւ` Նիմի դէմ տեղի ունեցած «Լիկ-1»-ի 4-րդ հանգրուանին իր ստացած կարմիր քարտին պատճառով: 19 տարեկան Մպափէ իր կարմիր քարտը ստացած էր մրցումին կորսուած վայրկեաններուն: ԻՐ ԿԱՐԳԻՆ, երեք մրցումով կախակայուեցաւ նաեւ Մանչեսթըր Եունայթըտի յառաջապահ Մարքուս Ռեշֆորտ, որ Պարնլիի դէմ տեղի ունեցած «Փրեմիեր-լիկ»-ի...

Թենիս. «Եու Էս. Օփըն». Ճոքովիչ Եւս Հասաւ Կիսաւարտականին

Թենիսի «Եու. Էս. Օփըն»-ի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ իր արձանագրած յաղթանակին շնորհիւ 6-րդ դասուած սերպ Նովաք Ճոքովիչ հանդիսացաւ կիսաւարտականի իր տոմսը ապահոված վերջին մարզիկը: Ան 6-3, 6-4 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց աւստրիացի Ճոն Միլմանի դէմ` 2 ժամ 52 վայրկեան տեւած մրցումէ մը ետք: Կիսաւարտականին ան իր դէմ պիտի ունենայ ճափոնցի Քէյ Նիշիքորին, որ 2-6,...

Տէյվիտ Պեքհամ Ունեցաւ Իր Նոր Ակումբը` Ինթեր Անունով

Մանչեսթըր Եունայթըտի, Ռէալ Մատրիտի, Ա. Սէ. Միլանի եւ Փարիզ Սեն Ժերմենի նախկին միջնապահ Տէյվիտ Պեքհամ ունեցաւ իր նոր ակումբը` Ինթերը: «Սքայ Սփորթց Նիուզ»-ի համաձայն, Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին խմբապետին նոր ակումբը «Մէյճըր լիկ»-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան (Միացեալ Նահանգներ) հանդէս պիտի գայ իբրեւ Մայեմին ներկայացնող ակումբ` «Ինթըրնեշընըլ Քլապ տը ֆութպոլ» անունին տակ: Յայտնենք, որ «Մէյճըր լիկ»-ը նախորդ յունուարին պաշտօնապէս յայտարարեց Մայեմիի...

Ճատրակ. Գէորգ Յարութիւնեան Տիտղոսակիր` Աւստրիոյ Մէջ

Հայաստանը ներկայացնող կրանտմասթըր Գէորգ Յարութիւնեան տիրացաւ Աւստրիոյ մէջ տեղի ունեցած ճատրակի «Ինսպրուք-օփըն» միջազգային մրցաշարքի տիտղոսին: Ան առաւելագոյն 9 կէտէն ապահովեց 7 կէտ: Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 19 երկիրներէ 80 ճատրակ խաղացողներ, որոնց կարգին` 9 կրանտմասթըրներ եւ 17 միջազգային վարպետներ: Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Գէորգ Յարութիւնեան 22 կէտով բարելաւեց իր անհատական վարկանիշը:

Պասքեթպոլ. Լիբանանի Տղոց Ազգային Խումբը Մեկնեցաւ Յատուկ Բանակումի Մը

Պատրաստուելու համար Չինաստանի դէմ տեղի ունենալիք աշխարհի պասքեթպոլի բաժակի մրցաշարքի Բ. հանգրուանի մրցումին, որ տեղի պիտի ունենայ հինգշաբթի, 13 սեպտեմբերին, «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք), երէկ Լիբանանի տղոց ազգային խումբը մեկնեցաւ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունենալիք յատուկ բանակումի մը, որուն ընթացքին պիտի կատարէ բաւական լուրջ փորձեր: Ստորեւ` լիբանանեան պատուիրակութեան կազմը. Ղազի Պուսթանի (նախագահ), Ժոզեֆ Ապտելմասիհ (խումբի տնօրէն), Սլոպոտան Սուպոթիչ (մարզիչ), Մարուան...

3×3 Պասքեթպոլ. Պէյրութի Կազմը Մեկնեցաւ Ղազախստան

Իր մասնակցութիւնը բերելու համար Ասիոյ 3x3 պասքեթպոլի քաղաքներու ախոյեանութեան, երէկ Արեւմտեան Ասիոյ ախոյեան Պէյրութի տղոց կազմը մեկնեցաւ Ղազախստան: 7-9 սեպտեմբերին Ասթանայի մէջ տեղի ունենալիք այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 16 խումբեր, որոնք կը ներկայացնեն ասիական 16 քաղաքներ: Լիբանանեան խումբը կը բաղկանայ հետեւեալ մարզիկներէն` Մայքըլ Սատաքա, Թարեք Խըրսան, Ժան-Պաթիսթ Շամուն եւ Քարլ Քեսրուանի: 16 խումբերէն միայն մէկը կ՛ապահովէ աւարտական հանգրուանի...

Page 795 of 1278 1 … 794 795 796 … 1,278

Արխիւներ