Նախորդ շաբաթ իր աւարտին հասաւ լիբանանեան գիւղերու պասքեթպոլի մրցաշարքը, որ տեղի կ՛ունենար չորրորդ տարին ըլլալով` կազմակերպութեամբ «Սփորթց Մանիա» ընկերութեան եւ հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին:
Մազրաաթ Եաշուհի դաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցաշարքի աւարտականին, Տարհուն-Հարիսա տիրացաւ տիտղոսին` 64-42 արդիւնքով յաղթելէ ետք Մազրաաթ Եաշուհ խումբին, մեծաթիւ հանդիսատեսներու ներկայութեան:
Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 24 խումբեր:
Սակայն կազմակերպիչ յանձնախումբը յայտնեց, որ յառաջիկայ ամառ տեղի ունենալիք նոր մրցաշարքին կը ծրագրուի խումբերուն թիւը բարձրացնել 32-ի:
Նշենք, որ մրցանակաբաշխութեան ընթացքին, յատուկ մրցանակներ ալ տրուեցան շարք մը մարզիկներու (լաւագոյն թրի փոյնթ, կոլսքորըր, սթիլ եւ այլն), ինչպէս նաեւ լաւագոյն մարզիչի եւ թեքնիք տնօրէնի: