Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա լիկա»-ի 21-րդ հանգրուանին գծով Ժիրոնա – Պարսելոնա մրցումը տեղի կ՛ունենայ Միացեալ Նահանգներու մէջ:
«Սփորթ. Էս.» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ 27 յունուար 2019-ին, Մայեմիի մէջ գտնուող «Ռոք Սթատիում» մարզադաշտին վրայ:
Նշուեցաւ նաեւ, որ Ժիրոնայի պատասխանատուները անվճար տոմսեր կը պահանջեն իրենց համակիրներուն համար` զանոնք Միացեալ Նահանգներ հասցնելու համար:
Թէեւ «Լա լիկա»-ի խումբերուն խմբապետները դէմ էին կարգ մը մրցումներ Միացեալ Նահանգներու կամ Քանատայի մէջ կայացնելու գաղափարին, սակայն «Լա լիկա»-ն արդէն իսկ համաձայնագիր կնքած է հիւսիսամերիկեան իր գործընկերներուն հետ: