Իր պաշտօնական կայքին ընդմէջէն Արսենալ տեղեկացուց, որ իր խումբի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի` Չելսիի բերդին մէջ նշանակած կոլը ակումբին համակիրներուն կողմէ ճանչցուեցաւ օգոստոս ամսուան լաւագոյն կոլը:
Այլ գետնի վրայ, իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբի խմբապետ Մխիթարեան յայտնեց, որ հաւաքականի իր խմբակիցներուն հետ այժմ կը պատրաստուի «Ազգերու լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին: