Մարզական

Մարզական Ծիծաղ…. Ծիծաղ… Ծիծաղ…

ՖԻՖԱ-ն Հրապարակեց Լաւագոյն Ֆութպոլիստի, Բերդապահի Եւ Մարզիչի Թեկնածուներու Ցանկերը

Ֆութպոլի միջազգային ֆետերասիոնը յայտարարեց կազմակերպութեան վարկածով «Տարուան ֆութպոլիստ»-ի կոչումին 3 թեկնածուները` Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, Լուքա Մոտրիչ եւ Մոհամետ Սալահ: Յատկանշական է, որ երեք թեկնածուներու շարքին Մեսսիի անունը չկայ` 12 տարուան մէջ առաջին անգամ ըլլալով: ՖԻՖԱ-ն նոյնպէս ներկայացուց անունները երեք բերդապահներու, որոնք  թեկնածու են տարուան լաւագոյնի կոչման: Թեկնածուներու վերջնական ցուցակին մէջ ներառուած են Թիպօ Քուրթուա (Պելճիքայի հաւաքական, Չելսի/Ռէալ Մատրիտ), Հուկօ Լիորիս (Ֆրանսա,...

Ճատրակ. Աստղիկ Յակոբեան Եւրոպայի Մինչեւ 14 Տարեկաններու Փոխախոյեան

Ռիկայի մէջ տեղի ունեցած ճատրակի Եւրոպայի պատանեկան ախոյեանութեան մրցաշարքին սքանչելի  յաջողութեան հասաւ Աստղիկ Յակոբեան: Մինչեւ 14 տարեկան աղջիկներու ենթախումբին մէջ գտնուող Յակոբեան 9 կէտերէն շահեցաւ 7 կէտ եւ արժանացաւ արծաթ մետալի: Աստղիկ Յակոբեան նոյնպէս 130 կէտով բարելաւեց իր անհատական վարկանիշը: Այս յաջողութիւնը արդէն 3-րդն է Աստղիկի համար այս տարուան ընթացքին: Յունիսին ան շատ լաւ արդիւնք արձանագրած էր Սպիտակ Նաւակ մրցաշարքին...

Մարզական Ծիծաղ…. Ծիծաղ… Ծիծաղ…

Մարզական Ծիծաղ…. Ծիծաղ… Ծիծաղ…

Աղաւնիները անմեղ չեն . Քաղաքի մը պասքեթպոլի ակումբին պարտէզին մէջ կը կանգնեցնեն իրենց աշխարհահռչակ մարզիկին արձանը: Բացման արարողութենէն ետք, լրագրող մը մարզիկին կը հարցնէ. - Ի՞նչ զգացիք, երբ ձեր արձանին վրայէն ծածկոցը վերցուցին: - Ամէնէն առաջ ես դադրեցայ աղաւնիները հաճելի եւ անվնաս անասուններ նկատելէ: Բռունցքի դրամը . Շիքակոյի մէջ բռնցքամարտի մրցումէ մը ետք, մարդ մը կը մօտենայ կիշէին եւ պաշտօնեային...

ՖԻՏԷ. Լեւոն Արոնեանի Տպաւորիչ Յառաջընթացը

Ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնը (ՖԻՏԷ) հրապարակեց օգոստոսին տեղի ունեցած մրցումներու լոյսին տակ  ճատրակի վարպետներու  վարկանշային աղիւսակը: Հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան վերջին յաղթանակներուն շնորհիւ 13-րդ դիրքէն բարձրացած է 6-րդ դիրք: Առաջին դիրքը կը գրաւէ աշխարհի ախոյեան, նորվեկիացի Մակնիւս Քարլսըն:

Եւրոպական Ֆութպոլ.   Շաբաթավերջի Կարգ Մը Մրցումներուն Արդիւնքները

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Կարգ Մը Մրցումներուն Արդիւնքները

Մանչեսթըր Եունայթըտ Վերադարձաւ, Լիվըրփուլ Անպարտելի, Ռէալ Մատրիտ Կատարեալ, Պայերն Միւնիխ Անսխալ, Եուվենթուս Բախտաւոր, Փարիզ Սեն Ժերմենի Մպափէն... Կոլ Նշանակեց Եւ Վտարուեցաւ Անգլիա Անգլիոյ մէջ դրուագներով հարուստ եղաւ Պըրնլի-Մանչեսթըր Եունայթըտ մրցումը: Եունայթըտի ֆրանսացի միջնապահ Փոլ Փոկպա չկրցաւ փենալթի մը կոլի վերածել: Ռաշֆորտ կարմիր քարտ ստանալով վտարուեցաւ դաշտէն, հակառակ անոր որ Մանչեսթըր Եունայթըտ յաղթեց շնորհիւ Լուքաքոյի նշանակած 2 կոլերուն: Լիվըրփուլ շարունակեց իր...

Ֆելիփէ Մելօ. «Եթէ Չըլլար Ֆութպոլը, Ես Մարդասպան Կը Դառնայի»

Պրազիլի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի, Եուվենթուսի եւ Ինթեր Միլանի նախկին միջնապահ Ֆելիփէ Մելոն պատմած էիր մանկութեան եւ երիտասարդութեան մասին. «Եթէ չըլլար ֆութպոլը, ես մարդասպան կը դառնայի: Ապրած եմ Պրազիլի ամէնէն վտանգաւոր թաղերէն մէկուն մէջ, ուր կային արգիլուած թմրեցուցիչներ եւ զէնքեր, բայց ես ձգեցի այդ կեանքը, որպէսզի պայքարիմ երազիս համար: Եղած են ժամանակներ, երբ ես գացած եմ մարզումի եւ գիտցած եմ, որ...

Նէյմար Երջանկացուց Պատանի Համակիրը

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան չորրորդ հանգրուանին, Նիմ - Փարիզ Սեն Ժերմեն մրցումին աւարտէն ետք, դաշտ մտաւ փարիզեան ակումբի պատանի համակիր մը եւ յաջողեցաւ գրկախառնուիլ Փարիզ Սեն Ժերմենի պրազիլցի յառաջապահ Նէյմարի հետ, որ պատանիին նուիրեց իր մարզական շապիկը: Տղան հագած էր Փարիզ Սեն Ժերմենի ֆրանսացի յառաջապահ Կիլիան Մպափէի նկարով շապիկ մը: Այդ մրցումին Փարիզ Սեն Ժերմեն Նիմին յաղթած էր 4-2 արդիւնքով: Հիւրերու...

Թենիս. Նատալ. «Պէտք Է Շնորհաւորեմ Կարէնը»

Աշխարհի թիւ մէկ դասուած  Ռաֆայէլ Նատալ, Միացեալ Նահանգներու թենիսի բաց մրցաշարքին հայազգի Կարէն Խաչանովին յաղթելէ ետք, լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ. «Պէտք է շնորհաւորեմ Կարէնը: Ան ցուցադրեց գերազանց թենիս: Ամբողջ մրցումին ընթացքին Խաչանով պայքարեցաւ եւ խաղաց յարձակողական: Նոյնիսկ, կարեւոր պահերուն սխալներ ընելէ ետք ան ոչ մէկ  բառ կ՛ըսէր: Ատիկա հրաշալի է թենիսի համար: Վստահ եմ, գործի նկատմամբ այդպիսի վերաբերմունքով ան...

«Եու. Էս. Օփըն». Ս. Ուիլիըմզ` Քրոջը Յաղթելու Մասին

Աշխարհի թիւ 26 դասուած Սերենա Ուիլիըմզ մեկնաբանեց յաղթանակը իր քրոջ` Վինըս Ուիլիըմզի նկատմամբ, Միացեալ Նահանգներու թենիսի բաց մրցաշարքի երրորդ հանգրուանին մէջ: «Այդպիսի մրցումները աւելի հոգեբանական ուժեր կը խլեն, քան ֆիզիքական: Բարդ է, բայց մենք այս ճամբորդութիւնը սկսած ենք 35 տարի առաջ, թէեւ որոշ առումով, ատիկա սկսած է տակաւին  մեր ծնելէն առաջ: Հիմա մենք արդէն գիտենք, թէ ի՛նչ կարելի է սպասել...

Լիբանանի Ֆութպոլի Հաւաքականը Կը Պատրաստուի Ասիոյ Բաժակին

Յառաջիկայ յունուարին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ տեղի ունենալիք Ասիոյ բաժակի մրցաշարքի աւարտական հանգրուանի նախապատրաստական մարզումներու ծիրին մէջ, Լիբանանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի մոնթենեկրոցի մարզիչ Միոտրակ Ռատոլովիչ պատրաստած է յատուկ ժամանակացոյց մը, յատկապէս փորձ մրցումներու համար: Յառաջիկայ նոյեմբերին Լիբանանի հաւաքականը Սիտնիի մէջ բարեկամական մրցում մը պիտի խաղայ Աւստրալիոյ հետ, որ Ասիոյ ֆութպոլի բաժակը նուաճած է 2015 թուականին: Լիբանանի ազգային հաւաքականը այսօր կը...

Նշմար. Պասթիան Կախեց Իր Կօշիկները

ԹՈՐԳՈՄ            Ֆութպոլի մէջ անգլիական այս ասոյթը կը նշանակէ` մարզիկը վերջ տուաւ իր ասպարէզին: Անշուշտ որեւէ ասպարէզի վերջ տալը յուզախառն բան մը ունի իր մէջ, երբ հանգստեան չէ որ կը կոչուիս, այլ պայմաններու բերումով (ֆութպոլիստի պարագային վիրաւորուիլ կամ «ծերանալ»), կը լքես գոնէ երկու տասնամեակի  ասպարէզդ: Դժուար եւ անխուսափելի որոշում: Համակիրներուն համար եւս յուզիչ է. տարիներէ ի վեր պաշտած մարզիկդ այլեւս պիտի...

Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը. Բոլորին Աչքերը` Մանչեսթըր Եունայթըտի Վրայ

Ընդհանրապէս բաւական հետաքրքրական եւ սուր ճակատումներ կան, սակայն շատեր կը սպասեն, թէ Մանչեսթըր Եունայթըտ ինչպէ՛ս պիտի հակադարձէ իր կրած յաջորդական երկու պարտութիւններուն, եւ թէ Պըրնլիի դաշտին վրայ տեղի ունենալիք մրցումին մարզիչ Մոտինօ պիտի յաջողի՞ փրկել իր պաշտօնը, որ, ըստ ոմանց, կախեալ է այս մրցումին արդիւնքէն: Սպանիոյ մէջ Ռէալ Մատրիտ եւ Պարսելոնա ունին յարաբերաբար դիւրին մրցումներ (թէեւ անակնկալի գործօնը միշտ ներկայ...

Անգլիացի Իրաւարարը Աշխատանքէ Հեռացուած Է Անդամալոյծը Ծաղրելուն Համար

Ֆութպոլի Անգլիոյ բարձրագոյն դասակարգի իրաւարար Պոպտի Մետլին հեռացուցին աշխատանքէ` սահմանափակ կարելիութիւններով մարդիկը ծաղրելուն պատճառով: Անգլիացի իրաւարարը Snapchat-ի մէջ իր հետեւորդներուն ուղարկած է անդամալոյծ մարդու մը լուսանկարը` կատարելով հետեւեալ արձանագրութիւնը. «Ես անոր կը յաղթէի դպրոցական մարզական օրուան վազքի մրցումին»: Ընթերցողներէն մէկը այդ արձանագրութիւնը ուղարկածէ Անգլիոյ բարձրագոյն դասակարգի տնօրէնութեան: Ատկէ ետք  32-ամեայ իրաւարարը կանչած են կարգապահական լսումներու եւ հեռացուցած աշխատանքէ: Պոպտի Մետլի...

Ռէալ Ներկայացուց Մարիանոն

Ռէալ Մատրիտ ներկայացուց ակումբ վերադարձած Մարիանօ Տիասը: Ֆութպոլիստը, որ արքայական ակումբի մարզական ակադեմիայէն է,  2017 թուականին տեղափոխուած էր ֆրանսական Լիոն: Ան այժմ վերադարձած է հարազատ ակումբ եւ 5 տարուան պայմանագիր ստորագրած է: Շնորհահանդէսի ժամանակ նոյնպէս յայտնի դարձաւ, որ Մարիանօ Ռէալի մէջ պիտի կրէ թիւ 7 տարազը:

Ճատրակ. Լեւոն Արոնեանի Մրցակիցները` «Լոնտոն Չես Քլասիք»-ին Մէջ

Ճատրակի Մեծ մրցաշարքի աւարտական փուլի` «Լոնտոն Չես Քլասիք»-ի բոլոր մասնակիցները յստակացան: Լոնտոնի մէջ 11-17 դեկտեմբերին տեղի ունենալիք  մրցաշարքին մասնակցութեան իրաւունք ստացած են Ճատրակի մեծ մրցաշարքի 4 հանգրուաններուն ամէնէն շատ կէտ շահած վարպետները` Լեւոն Արոնեան, ֆրանսացի Մաքսիմ Վաշիէ-Լակրաւ, Միացեալ Նահանգները ներկայացնող Ֆապիանօ Քարուանա եւ Հիքարու Նաքամուրա:

«Չեմփիընզ Լիկ». Խմբային Փուլի Վիճակաձգութիւն Ռոնալտօ` Լաւագոյն Մարզիկ

Մոնաքոյի մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ ֆութպոլի եւրոպական ախոյեաններու լիկայի խմբային փուլի վիճակաձգութիւնը: 32 մասնակիցներ բաժնուեցան 8 խմբակներու, իւրաքանչիւրին մէջ` 4-ական խումբ: Ա. Խմբակ.- Աթլեթիքօ Մատրիտ (Սպանիա), Պորուսիա Տորթմունտ (Գերմանիա), Մոնաքօ (Ֆրանսա), Պրուժ (Պելճիքա): Բ. Խմբակ.- Պարսելոնա (Սպանիա), Թոթենհամ (Անգլիա), Փ.Ս.Վ.Այնտհովեն (Հոլանտա), Ինթեր Միլան (Իտալիա): Գ. Խմբակ.- Փարիզ Սեն Ժերմեն (Ֆրանսա), Նափոլի (Իտալիա), Լիվըրփուլ (Անգլիա), Ռետ Սթար Պելկրատ (Սերպիա): Դ....

Թենիս. «Եու. Էս. Օփըն» .  Նատալ Ընդդէմ Կարէն Խաչանովի

Թենիս. «Եու. Էս. Օփըն» . Նատալ Ընդդէմ Կարէն Խաչանովի

Աշխարհի թիւ մէկ դասուած, Միացեալ Նահանգներու թենիսի բաց մրցաշարքի գործող ախոյեան Ռաֆայէլ Նատալ յաղթելէ ետք քանատացի Վաշեք Պոսպիշիլին (6-3, 6-4, 6-2), հասաւ երրորդ հանգրուան, ուր այսօր պիտի մրցի հայկական արմատներով ռուս մարզիկ Կարէն Խաչանովի դէմ, որ պարտութեան մատնած է իտալացի Լորենցօ Սոնեկոն` 7-5, 6-3, 6-3 արդիւնքով: Նատալ հարցազրոյցի մը մէջ երէկ անդրադառնալով  22-ամեայ Կարէն Խաչանովին ըսաւ. «Ան շատ բարդ մրցակից...

Հայաստանի Ֆութպոլի Հաւաքականի Կազմը` Ազգերու Լիկային

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Վարդան Մինասեան հրապարակեց կազմը Լիխթընշթայնի (6 սեպտեմբեր, Երեւան) եւ Մակեդոնիոյ (9 սեպտեմբեր, Սքոպիէ) դէմ Ազգերու լիկայի մրցումներուն: Երեք սեպտեմբերին պիտի սկսին մարզումները: ԲԵՐԴԱՊԱՀՆԵՐ Արսէն Բեգլարեան (Լիեփայա` Լաթվիա), Արամ Հայրապետեան եւ Անաթոլի Այվազով (Բանանց): ՅԵՏՍԱՊԱՀՆԵՐ Վարազդատ Հարոյեան (Ուրալ` Ռուսիա), Արարատ Մոնրոյ (Պոյաքա Չիքօ` Քոլոմպիա), Անտրէ Քալիզիր (Կէօթեպորկ` Շուէտ), Հրայր Մկոյեան, Արտակ Եդիգարեան եւ Տարոն Ոսկանեան (Ալաշկերտ),...

Արամ Աւագեան. «Գիտեմ, Թէ Ինչ Պէտք Է Ընեմ Ռինկին Վրայ»

Հայ բռնցքամարտիկ Արամ Աւագեան կը շարունակէ նախապատրաստուիլ 21 սեպտեմբերին տեղի ունենալիք «Տապլիու Պի. Սի. Ինթըրնեշընըլ Սիլվըր» գօտիի պաշտպանութեան համար մենամարտին: Այդ առիթով կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին Աւագեան ըսաւ. «Մարզական վիճակս այս պահուն կը գնահատեմ 70 առ հարիւրով: Մարզումները կ՛ընթանան ըստ ծրագիրի: Մարզումային քանի մը փուլ անցած եմ, իսկ հիմա հիմնական շեշտը դրուած է մասնագիտական աշխատանքի վրայ: Մարզիչ Դաւիթ Թորոսեանի հետ...

Մարզական Ծիծաղ… Ծիծաղ… Ծիծաղ

Մարզական Ծիծաղ… Ծիծաղ… Ծիծաղ

Խմբապետէն Օրինակ Առէ՛ք . Ֆութպոլի ակումբ մը իր խմբապետը կը փոխանցէ այլ խումբի: Նախկին մարզիչը իր ընկերոջը կ՛ըսէ. - Այնպիսի խմբապետ մըն է, որ մարզիկները իր ետեւէն կ՛երթան առանց վարանելու, որպէսզի տեսնեն, թէ ուրիշ ի՛նչ ապուշութիւն կրնայ ընել: Կ՛ազատիս Զզուելի Աշխարհէն... . Երկրորդ դասակարգին ճամբան բռնած խումբի մը մարզիչը, համակիրներուն կողմէ միշտ կը քննադատուի, հայհոյանք, սպառնալիք եւ այլն: Խումբին սեփականատէրը...

Page 797 of 1278 1 … 796 797 798 … 1,278

Արխիւներ