Երէկ յետմիջօրէին, Քաուսար վարժարանին մէջ (Պէյրութի միջազգային օդակայանի ճամբուն վրայ), պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ պետմինթընի արաբական ախոյեանութեան` ներկայութեամբ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշի:
Սոյն ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն աւելի քան 70 երկսեռ մարզիկներ` 15 եւ 17 տարեկանէն վար դասակարգի մրցումներուն:
Պաշտօնական բացումէն ետք տեղի ունեցան շարք մը մրցումներ:
Լուսանկարը Տրամադրեց`
ՀՈՒՍԱՄ ՇՊԱՐՕ



