Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Ակումբի Մը Ամէնէն Երկարատեւ Ծառայած Ֆութպոլիստներ

Սեպտեմբեր 4, 2018
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԹՈՐԳՈՄ

Ներկայ ժամանակներուն քիչ մը տարօրինակ կրնայ թուիլ, որ ոչ շատ հեռաւոր անցեալին եղած են տաղանդաւոր ֆութպոլիստներ, որոնք իրենց մարզիկի ամբողջ ասպարէզը անցուցած են միայն մէկ ակումբի մէջ: Այսօր բացառիկ շահաբեր է մարզիկի մը համար ամէն տարի խումբ փոխելը: Այն աստիճանի հասած ենք, որ ակումբները բոլորն ալ կորսնցուցած են իրենց դիմագիծերը, աւելի ճիշդ` բոլոր ակումբներն ալ միշտ անդիմագիծ կը դառնան, խառնաշփոթ մը ստեղծելով:

Յարատեւելու ոգի, հաւատարմութիւն, յանձնառութիւն, նուիրում, ասոնք բոլորն ալ մարզական աշխարհին մէջ ծիծաղի առարկայ դարձած են` դրամ եւ փառք կոչուած «կենսական անհրաժեշտութիւններու» դիմաց:

Անշուշտ ասոնք բոլորը իրենց ժխտական ազդեցութիւնը սկսած են ունենալ մարզական խաղերուն եւ մանաւանդ մարմնակրթութեան վրայ:

Մեզի նման ազգերու համար թերեւս պէտք է այլ քայլեր որդեգրել:

Մինչ այդ, ճիշդ կ՛ըլլայ, որ առիթներ ստեղծենք յարատեւող, հաւատարիմ մարզիկները կրկին գնահատելու, որպէսզի անոնք  օրինակ դառնան… շուարածներուն:

Անպայման պէտք է սկսինք հայկականով, այս պարագային ՀՄԸՄ-ով, հակառակ անոր որ արհեստավարժ ասպարէզի մասին չենք կրնար խօսիլ, իսկ անհրաժեշտ ձեւով դասաւորուած արխիւներ չունինք մեր տրամադրութեան տակ: Սակայն այս ուղղութեամբ մեզի օգտակար եղաւ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի խումբի վաստակաւոր համակիր եղբայր Վարդգէս Աղասարգիսեանը, որուն կը յայտնենք մեր շնորհակալութիւնը:

Ուրեմն ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի ներկայացուցչական խումբը իր փառաւոր պատմութեան ընթացքին անկասկած ունեցած է նուիրեալներ եւ երկար տարիներ ծառայած մարզիկներ, որոնցմէ այս յօդուածին համար կ՛առանձնացնենք քանի մը մարզիկ:

Լեւոն Ալթունեան  (1952 -1972).- Մինչեւ իր շատ յաջող ասպարէզին աւարտը, մաս կազմած է ՀՄԸՄ-ի: Համակիրներուն եւ իր խաղընկերներուն կողմէ «Ուստա» անուանուած տաղանդաւոր ֆութպոլիստը, որ սարսափն էր մրցակից մարզիկներուն, ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբին հետ 8 անգամ նուաճած է Լիբանանի առաջին դասակարգի ախոյեանութիւնը եւ քանի մը անգամ` բաժակը: Շրջան մը եղած է խումբին պատասխանատուներէն:

Աբօ Գասապեան (1954-1976).- Ֆութպոլիստի տաղանդաւոր ասպարէզ եւ ամբողջ կեանք մը անցուցած է ՀՄԸՄ-ի հետ, 8 անգամ` նուաճած է Լիբանանի ախոյեանութիւնը եւ քանի մը անգամ` բաժակը: Նոյնպէս եղած է խումբին մարզիչը եւ պատասխանատուն:

Լեւոն եւ Աբօ երկար տարիներ նոյնպէս մաս կազմած են Լիբանանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին, որուն կարեւոր սիւներէն եղած են:

Երկու մարզիկներն ալ միջազգային որեւէ ֆութպոլիստի յատկութիւնները ունէին, ոչինչով կը զիջէին անոնց եւ նոյնիսկ կրնային եւրոպական ակումբներու մաս կազմել, եթէ քանի մը առիթներով եղած առաջարկները ընդունէին: Բայց փաստ է, որ մնացին ՀՄԸՄ-ական, բարձրացուցին եւ բարձրացան:

Պարտք կը զգանք նոյնպէս  յիշելու հանգուցեալ Սագօ Տօնապետեանը (համակիրներուն կողմէ Մարատոնա որակուած), որ աւելի քան 20 տարի հաւատարմօրէն կրեց ՀՄԸՄ-ի տարազը:

Անցնինք միջազգային քանի մը օրինակներու.

Ռոճերիոյ Չենի (1257 մրցում) – Սաօ Փաուլօ

Պրազիլցի այս նախկին բերդապահը, որ ծնած է 1973-ին, այժմ մարզիչն է Ֆորթալեզայի:  25 տարուան ասպարէզին մէջ ան մասնակցած է 1257 պաշտօնական մրցումներու, Սաօ Փաուլոյի հետ նուաճած 20 մեծ տիտղոսներ: Ան նոյնիսկ նշանակած է 131 կոլ (բերդապահի համար մրցանիշ), մեծ մասը` ազատ հարուածով եւ փենալթիով: Չենի իր ասպարէզին ընթացքին 16 անգամ մաս կազմած է Պրազիլի ազգային հաւաքականին, մանաւանդ  նուաճելով 2002-ի աշխարհի ախոյեանութիւնը:

Ռայան Կիկզ (963 մրցում)- Մանչեսթըր Եունայթըտ

«Կիկզի» (այսպէս կ՛անուանեն զինք Եունայթըտի հաւատաւոր համակիրները), ճիշդ է, որ չի հասնիր Ռոճերիոյ Չենիի մրցումներու թիւին, սակայն աւելի յաջող եղած է բացառիկ ասպարէզին մէջ: Եունայթըտի տարազով 963 մրցում կատարած կալեսցի այս մարզիկը Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութիւնը շահած է 13 անգամ, բաժակը (FA Cup)` 4 անգամ, Լիկի բաժակը` երեք անգամ եւ Եւրոպայի ախոյեանի «Չեմփիընզ Լիկ»-ի մետալը` երկու անգամ: Այժմ Կալեսի ազգային հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է:

Փաուլօ Մալտինի (902 մրցում) – Ա.Սէ.Միլան 

Իբրեւ յետսապահ Փաուլօ Մալտինի գրեթէ անպարտելի էր եւ այնպէս կը թուէր, թէ նոյնիսկ տարիքը չի կրնար արգելք ըլլալ իրեն, երբ 40 տարեկանին թեւակոխեց ֆութպոլային 25-րդ եղանակը: Ի վերջոյ ան հրաժարեցաւ 41 տարեկանին, երբ խաղաց իր 902-րդ մրցումը Ա.Սէ.Միլանի կազմէն` նուաճելով 26 բաժակներ, որոնցմէ 5-ը` «Չեմփիընզ Լիկ»-ի:

Ճէյմի Քարակըր (737 մրցում) Լիվըրփուլ

Համակիրներուն կողմէ «Քարա» անուանուած աննկուն եւ պայքարի ոգիով օժտուած յետսապահը 737 անգամ խաղաց Լիվըրփուլի տարազով եւ 10 տարի փոխխմբապետն էր: Իր օրերուն ակումբը թէեւ չկրցաւ նուաճել Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութիւնը, սակայն «Քարա» բազմաթիւ մետալներ ունեցաւ, որովհետեւ Լիվըրփուլ տեղական եւ եւրոպական բոլոր մեծ բաժակները կրցաւ շահիլ: Էնֆիլտի մէջ համակիրները յաճախ կ՛երգեն, որ կ՛ուզեն քարակարներու խումբ մը:

Փոլ Սքոլզ (718 մրցում) –  Մանչեսթըր Եունայթըտ

Համեստ, ոչ ինքնահաւան շիկահեր տղան, 718 մրցումի մասնակցած է մինչեւ իր պաշտօնական հրաժարականը` 2013-ին: Զիտանին անգամ մը հարցուցած են, թէ ինչի՞ կը նմանի աշխարհի լաւագոյն ֆութպոլիստը ըլլալը, ան ըսած է. «Փոլ Սքոլզին հարցուցէ՛ք»:

Սթիւըն Ժերարտ  (710 մրցում) – Լիվըրփուլ

Լիվըրփուլի պատմութեան մեծագոյն մարզիկներէն մէկը, որ նոյնպէս պայքարելու ոգիով օժտուած, մղիչ ուժն էր իր խումբին, որուն հետ 710 մրցումի ընթացքին նշանակած է186 կոլ եւ նուաճած ութ բաժակներ:

Ֆրանչեսքօ Թոթի (707 մրցում) – Ա.Էս.Ռոմա

Թոթի նշանակած է 290 կոլ, 707 մրցումներու ընթացքին, Ա.Էս.Ռոմայի տարազով: 181 կոլ նշանակուած է իր փոխանցումով (էսիսթ): Իտալական մամուլը զինք յաճախ կ՛անուանէ “Il Gladiatore”, “Il Re di Roma”, “Il Bimbo d՛Oro”.

Քարլոս Փույոլ (682 մրցում) – Պարսելոնա

Թաւ մազերով կեդրոնի յետսապահը, որ կը նկատուի աշխարհի ամէնէն լաւերէն մէկը: Ան Պարսելոնայի հետ մասնակցած է 682 մրցումներու, աւելի քան 16 տարիներու ընթացքին: Խմբապետն էր 2004 թուականէն մինչեւ իր հրաժարականը: 21 տիտղոսներ նուաճած է:

Եւ անշուշտ`

Սըր Պոպի Չարլթոն (606 մրցում) – Մանչեսթըր Եունայթըտ

Շատերու կողմէ բոլոր ժամանակներու աշխարհի լաւագոյն միջնապահը նկատուող սըր Պոպի Չարլթոն 1956-1973 թուականներուն մաս կազմած է Մանչեսթըր Եունայթըտի` 606 մրցումի ընթացքին նշանակելով 199 կոլ, 1958-ին Միւնիխի մէջ տեղի ունեցած օդանաւային արկածէն փրկուած է, 1966-ին Անգլիոյ ազգային հաւաքականին հետ նուաճած է աշխարհի ախոյեանութեան բաժակը, 1968-ին Եունայթըտի հետ` Եւրոպայի բաժակը, եւ այլ տիտղոսներ: Իբրեւ Անգլիոյ ազգային խումբի միջնապահ մասնակցած է աշխարհի ախոյեանութեան 4 աւարտական մրցաշարքերուն.1962, 1966, 1970, 1972: Ազգային հաւաքականի կազմին մէջ 106 մրցումներու ընթացքին նշանակած է 49 կոլ (աւելի քան 40 տարի Անգլիոյ մրցանիշ): Այս բացառիկ մարզիկը սակայն, բառին իսկական իմաստով ազնուական մարդ է: Երբ Ռունին գերազանցեց այդ մրցանիշը, լրագրողները Չարլթոնի հարցուցին, թէ ի՞նչ կը զգայ, ան ըսաւ. «Ուրախ եմ, որ Ռունին յաջողեցաւ: Մրցանիշները հոն են, որպէսզի գերազանցուին»:

Աւելի քան քսան տարիներու վրայ երկարող ֆութպոլիստի իր ասպարէզին ընթացքին, սըր Պոպի Չարլթոն միայն մէկ անգամ ազդարարութիւն ստացած է իրաւարարէն, եւ այդ ալ ոչ թէ վայրագութեան, այլ պարզապէս ազատ հարուած մը ուշացնելուն համար:

Պէտք է ձգտիլ, որպէսզի այսօրուան ֆութպոլը այսպիսի ՄԱՐԴ կազմաւորէ:

 

 

Նախորդը

ՖԻՖԱ-ն Հրապարակեց Լաւագոյն Ֆութպոլիստի, Բերդապահի Եւ Մարզիչի Թեկնածուներու Ցանկերը

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (4 Սեպտեմբեր 2018)

RelatedPosts

Արթուր Միրանեան Նշանակեց «Իրոնի»-ի Դէմ Յաղթանակի Կոլը
Մարզական

Արթուր Միրանեան Նշանակեց «Իրոնի»-ի Դէմ Յաղթանակի Կոլը

Հոկտեմբեր 21, 2025
«Ֆորմիւլա 1».  Վերշթափըն Շահեցաւ Միացեալ Նահանգներու Կրան Փրին
Մարզական

«Ֆորմիւլա 1». Վերշթափըն Շահեցաւ Միացեալ Նահանգներու Կրան Փրին

Հոկտեմբեր 21, 2025
«Եու. Է. Էֆ. Ա.».  Օրէնքները Կրնան Փոխուիլ` Աւելի Հետաքրքրական Դարձնելու Զտումի Մրցումները
Մարզական

«Եու. Է. Էֆ. Ա.». Օրէնքները Կրնան Փոխուիլ` Աւելի Հետաքրքրական Դարձնելու Զտումի Մրցումները

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?