Նախորդ շաբաթավերջին Քամիլ Շամունի անուան մարզական աւանին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքին մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ ճակատեցան Լիբանանի ախոյեան Ահտ եւ Լիբանանի բաժակակիր Նըժմէ:
Ահտ եօթներորդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ տիտղոսակիր` 1-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք իր մրցակիցին:
Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Ահտի մարզիկ Մոհամետ Քատտուհ:
Աւարտին յաղթական խումբը իր բաժակը ստացաւ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Հաշեմ Հայտարէն:
Օրուան կեդրոնի իրաւարարն էր Ժամիլ Ռամատան, անոր օգնականները` Հասան Քանսօ եւ Հիշամ Քանսօ, իսկ չորրորդ իրաւարարը` Ահմետ Ալաէտտին:
Լուսանկարը Տրամադրեց`
ԱՏՆԱՆ ՀԱԺ ԱԼԻ