«ՌՈՅԹԸՐԶ» լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ Եւրոպայի յառաջատար ֆութպոլի ակումբներուն մարզիչները առաջարկած են վերցնել մրցակիցի դաշտին վրայ կոլ նշանակելու առաւելութիւնը:
Այս գծով յայտարարած է «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի ընդհանուր քարտուղար Ճիորճիօ Մարթետ` Նիոնի մէջ (Զուիցերիա), անոնց հետ իր ունեցած հանդիպումէն ետք:
«Մարզիչները կը կարծեն, որ հիմա այդքան ալ դժուար չէ օտար դաշտերու վրայ տեղի ունեցած մրցումներուն կոլ նշանակելը: Անոնք կ՛առաջարկեն վերատեսութեան ենթարկել այս օրէնքը: «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն անոնց այդ առաջարկը պիտի քննարկէ», ըսաւ Մարթետ:
Այս օրէնքը ընդունուեցաւ 1965-ին:
Հաւասարութեան մը պարագային, յաջորդ հանգրուան կը հասնի այն խումբը, որ օտար դաշտի վրայ աւելի շատ կոլ նշանակած է: