Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցող թենիսի «Եու. Էս. Օփըն»-ի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ տիտղոսակիր եւ աշխարհի թիւ 1 դասուած մարզիկ սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ բաւական մեծ դժուարութեամբ յաղթեց իր մրցակիցին` աստրիացի Տոմինիք Թիեմի, 0-6, 6-4, 7-5, 6-7 եւ 7-6 արդիւնքով:

Անոնց միջեւ այս ճակատումը տեւեց 4 ժամ 50 վայրկեան:
Կիսաւարտականին Նատալ իր դէմ պիտի ունենայ արժանթինցի Խուան Մարթին Տել Փոթրոն, որ 6-7, 6-3, 7-6 եւ 6-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց ամերիկացի իր մրցակիցը` Ճոն Այզնըրը:

Ինչ կը վերաբերի աղջկանց քառորդ աւարտականին գծով տեղի ունեցած մրցումին, նախորդ տարուան տիտղոսակիր, 3-րդ դասուած ամերիկացի Սլոան Սթիւընս չկրցաւ պաշտպանել տիտղոսը, երբ դուրս մնաց մրցաշարքէն` կրելով 6-2 եւ 6-3 արդիւնքով պարտութիւն մը 19-րդ դասուած Անասթասիա Սեւասթովայէն (Լաթվիա):
Սեւասթովա կիսաւարտականին իր դէմ պիտի ունենայ 17-րդ դասուած ամերիկացի Սերենա Ուիլիըմզը, որ 6-4 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց 8-րդ դասուած չեխ Քարոլինա Փլիսքովայի դէմ: