
Եւրոպական շարք մը լրատու գործակալութիւններ հաղորդեցին, որ Ռէալ Մատրիտ կը շարունակէ իր աշխատանքները` ձեռք ձգելու համար Աթլեթիքօ Մատրիտի ֆրանսացի յառաջապահ Անթուան Կրիզմանի ստորագրութիւնը:
Ըստ կոլ.քոմ կայքին, արքայական ակումբը պատրաստ է Կրիզմանի փոխանցման համար վճարելու 200 միլիոն եւրօ: