Ինչպէս ծանօթ է, հինգշաբթի, 13 սեպտեմբերին, Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը բաւական կարեւոր մրցում մը ունի կատարելիք, երբ «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ) հիւրընկալէ Չինաստանը:
Այս մրցումը կ՛իյնայ աշխարհի բաժակի մրցաշարքի Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ: Այս մրցաշարքին աւարտական հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ 2019-ին` Չինաստանի մէջ:
Մայրիներու կազմին համար այս մրցումը կը նկատուի բաւական կարեւոր, որովհետեւ յաղթանակ մը արձանագրելը դիւրին ճամբայ պիտի բանայ դէպի աւարտական հանգրուան:
Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը աւելի քան շաբաթէ մը ի վեր հրապարակ իջեցուցած է այս մրցումին տոմսերը:
Անոնց գիները կը սկսին 10 հազար լիբանանեան ոսկիէն, ապա` 35 հազար եւ 60 հազար, հասնելով մինչեւ 150 հազար լիբանանեան ոսկիի (պատուոյ թրիպիւն):