«Սայտա Ինթըրնեշընըլ-Մարաթոն»-ի միութիւնը, գործակցութեամբ Սայտայի քաղաքապետութեան եւ հսկողութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին, կիրակի, 2 սեպտեմբերին, Սայտայի մէջ կազմակերպեց «Ալֆա-Սայտա Օլիմփիք թրիաթլոն-2018» մրցումը` հովանաւորութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի:
Այս մրցումը կ՛ընդգրկէր լողարշաւ հեծելարշաւ եւ վազք:
Առաւօտեան ժամը 7:00-ին սկսած այս մրցումին իրենց մասնակցութիւնը բերին տարբեր ակումբներու մաս կազմող բազմաթիւ մարզիկներ` տարբեր դասակարգերու մէջ (9 տարեկանէն վեր):
Մրցումին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ լիբանանահայեր, որոնք յաջողեցան արձանագրել տպաւորիչ արդիւնքներ:
Խումբերու դասաւորման մէջ ՀՄԸՄ գրաւեց երկրորդ դիրքը` Տրիմ Թիմ խումբին ետին, Լիբանանեան բանակի հաւաքականը հանդիսացաւ երրորդ: Նշենք, որ խումբին մարզիչն էր Գէորգ Ալթունեան:
50 տարեկան եւ վեր դասակարգին մէջ, Նազարէթ Տանայեան հանդիսացաւ երկրորդ, մինչ Րաֆֆի Ուրֆալեան գրաւեց երրորդ դիրքը:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ձեռամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Պահիա Հարիրիի, Լիբանանի Թրիաթլոնի ֆետերասիոնի նախագահ, հանգստեան կոչուած զօր. Մահմուտ Տիպի, ֆետերասիոնի անդամ Պետիկ Լոճիկեանի եւ Սայտա քաղաքի անձնաւորութիւններուն: