Լիբանան յաջողեցաւ կարեւոր նուաճում մը ձեռք ձգել, երբ Ճափոնի քարաթէի ախոյեանութեան, որ կազմակերպուած էր Ճափոնի քարաթէի ֆետերասիոնին կողմէ, կրցաւ տիրանալ 1 ոսկի եւ 1 պրոնզ մետալի:
Մասթըրզի մրցումներուն, Քամալ Հելու Լիբանանին ապահովեց ոսկի մետալ մը: 45 տարեկան եւ վեր այս դասակարգի մրցումներուն մասնակցեցան 111 մարզիկներ` Ճափոնի տարբեր քաղաքներէն:
Իսկ խմբային մրցումներուն, որոնց իրենց մասնակցութիւնը բերին 32 խումբեր, Լիբանան շնորհիւ Քամալ Հելուի, եւ անոր աղջիկներուն` Ժութարոյի եւ Մունայի, տիրացաւ պրոնզ մետալի: