Երկուշաբթի, 10 սեպտեմբերին, Շեպիպեթ Պաուշրիէ պիտի գումարէ յատուկ նիստ մը իր նախագահին` Ուալիտ Շըհատէ Քասուֆի նախագահութեամբ:
Այս նիստը, որ տեղի պիտի ունենայ Միշել Մըրի անուան մարզահամալիրին մէջ (Պաուշրիէ), պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 18:00-ին:
Ժողովականներու օրակարգին գլխաւոր նիւթը պիտի վերաբերի տղոց վոլիպոլի խումբին, որ մօտերս իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Լիբանանի վոլիպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանին:
Յայտնենք, որ Պաուշրիէ բազմաթիւ անգամներ հանդիսացած է Լիբանանի ախոյեան: