Երէկ գիշեր Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը յաղթանակով մը սկսաւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի նորաստեղծ մրցաշարքը` «Ազգերու լիկա»-ն:
Դ. դասակարգի Դ. խմբակին մէջ ընդգրկուած Հայաստան յաջողեցաւ 2-1 արդիւնքով յաղթել Լիխթնշթայնին:
Երեւանի հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումին, գլխաւոր մարզիչ Վարդան Մինասեան կիրարկեց 4-2-4 գերյարձակողական խաղաոճ մը:
Մրցումին հաշիւը բացաւ Մարքոս Փիցելլի (30-րդ), երբ էսիսթ մը ստացաւ Արազ Օզպիլիսէն: Սակայն հիւր կազմը երեք վայրկեան ետք, նշանակեց իր հաւասարութեան կոլը:
69-րդ վայրկեանին Հենրիխ Մխիթարեանի փենալթին զսպեց մրցակիցին բերդապահը: Մէկ վայրկեան ետք, Մխիթարեանի հարուածը այս անգամ զսպեց հիւր կազմին բերդին սիւնը:
Լիխթնշթայնի մէկ մարզիկին կարմիր քարտ ստանալէն (74-րդ) երկու վայրկեան ետք, Տիգրան Բարսեղեան նշանակեց հայրենի կազմին յաղթանակի կոլը (էսիսթը` դարձեալ Օզպիլիսի):
Այս յաղթանակը Հայաստանի համար եղաւ 2018-ի առաջին յաղթանակը` երեք հաւասարութիւներէ եւ մէկ պարտութենէ ետք:
Մրցումին ներկայ էր նաեւ Հայաստանի վարչապետը Նիկոլ Փաշինեան: