Այս շաբաթավերջին Միացեալ Նահանգներու մէջ կ՛աւարտի այս տարուան վերջին կրան շլեմը` թենիսի «Եու. Էս. Օփըն»-ի միջազգային բաց մրցաշարքը:
Աղջկանց աւարտականին իրարու դէմ պիտի մրցին ամերիկացի Սերենա Ուիլիըմզ եւ ճափոնցի Նաոմի Օսաքա:
Կիսաւարտականին իր կատարած մրցումին, 36 տարեկան Ուիլիըմզ (դասուած` 17-րդ) 6-3 եւ 6-0 արդիւնքով հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց Անասթասիա Սեւասթովայի (Լաթվիա, 19-րդ) դէմ:
Իսկ 20-րդ դասուած ճափոնցի Օսաքա իր յաղթանակը արձանագրեց ամերիկացի Մետիսըն Քիզի (14-րդ) դէմ` 6-2 եւ 6-4 արդիւնքով: