Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ չորեքշաբթի, 12 սեպտեմբերին տեղի պիտի ունենայ պայմանագիրի կնքում` ֆետերասիոնին եւ «Սոսիեթէ Ժեներալ» դրամատան միջեւ, որ պիտի ըլլայ ֆետերասիոնին գործընկերները:
Անիկա տեղի պիտի ունենայ «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ), կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին: