Ըմբշամարտ. Վարշաւայի Մրցաշարք. Չալեան Աւարտականին Յաղթեց Ջուլֆալակեանին
Լեհաստանի մայրաքաղաք Վարշաւայի մէջ տեղի ունեցած Վլատիսլաւ Փեթլիանսքիի անուան յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի յուշամրցաշարքին, Հայաստանի խումբը տիրացաւ 3 ոսկի եւ 3 արծաթ մետալի: 77 քկ դասակարգի աւարտականը եղաւ զուտ հայկական: Կարապետ Չալեան 3-1 արդիւնքով յաղթեց Լոնտոն-2012-ի ողիմպիական խաղերու փոխախոյեան Արսէն Ջուլֆալակեանին: Անոնց միջեւ տեղի ունեցած վերջին 3 ճակատումներուն յաղթած է Չալեան: Անոր նման, այս մրցաշարքին ոսկի մետալակիր դարձան նաեւ Նորայր Յակոբեան...

