Հայաստանը ներկայացնող կրանտմասթըր Գէորգ Յարութիւնեան տիրացաւ Աւստրիոյ մէջ տեղի ունեցած ճատրակի «Ինսպրուք-օփըն» միջազգային մրցաշարքի տիտղոսին:
Ան առաւելագոյն 9 կէտէն ապահովեց 7 կէտ:
Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 19 երկիրներէ 80 ճատրակ խաղացողներ, որոնց կարգին` 9 կրանտմասթըրներ եւ 17 միջազգային վարպետներ:
Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Գէորգ Յարութիւնեան 22 կէտով բարելաւեց իր անհատական վարկանիշը: