Ֆրանսայի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը տեղեկացուց, որ Փարիզ Սեն Ժերմենին մաս կազմող ֆրանսացի միջազգային յառաջապահ Քիլիան Մպափէ երեք մրցումով կախակայուեցաւ` Նիմի դէմ տեղի ունեցած «Լիկ-1»-ի 4-րդ հանգրուանին իր ստացած կարմիր քարտին պատճառով:
19 տարեկան Մպափէ իր կարմիր քարտը ստացած էր մրցումին կորսուած վայրկեաններուն:
ԻՐ ԿԱՐԳԻՆ, երեք մրցումով կախակայուեցաւ նաեւ Մանչեսթըր Եունայթըտի յառաջապահ Մարքուս Ռեշֆորտ, որ Պարնլիի դէմ տեղի ունեցած «Փրեմիեր-լիկ»-ի 4-րդ հանգրուանին կարմիր քարտ մը ստացած էր իր բիրտ խաղարկութեան պատճառով:
Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ ան պիտի բացակայի Ուաթֆորտի (15 սեպտեմբեր), Վուլվզի (22 սեպտեմբեր) եւ Տերպի Քաունթիի (25 սեպտեմբեր) դէմ տեղի ունենալիք մրցումներէն: Վերջինը` Անգլիոյ ֆութպոլի լիկայի բաժակի մրցաշարքին մաս կը կազմէ: