Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցող ֆութպոլի միջազգային մրցաշարքի մը իր մասնակցութիւնը բերող Հայաստանի 19 տարեկանէն վար հաւաքականը կրեց իր երրորդ յաջորդական պարտութիւնը, աս անգամ` Ռուսիոյ իր հասակակիցներէն, 2-0 արդիւնքով:
Բ. խմբակին մաս կազմող հայրենի կազմը նախորդ երկու մրցումներուն պարտուած էր Լաթվիայէն (1-0) եւ Մոլտովայէն (4-1):
Իրենց արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, ռուսերը ապահովեցին կիսաւարտականին իրենց տոմսը: Անոնց յաջորդ մրցակիցը պիտի ըլլայ Ս. Փեթերսպուրկի խումբը:
Կիսաւարտականի երկրորդ մրցումը իրարու դէմ պիտի հանէ Լաթվիան եւ Թուրքիան:
Իսկ Հայաստանի հաւաքականը 5-8-րդ դիրքին համար մրցում մը ունի կատարելիք Խըրխըզիստանի դէմ: