Թենիսի «Եու. Էս. Օփըն»-ի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ իր արձանագրած յաղթանակին շնորհիւ 6-րդ դասուած սերպ Նովաք Ճոքովիչ հանդիսացաւ կիսաւարտականի իր տոմսը ապահոված վերջին մարզիկը:
Ան 6-3, 6-4 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց աւստրիացի Ճոն Միլմանի դէմ` 2 ժամ 52 վայրկեան տեւած մրցումէ մը ետք:
Կիսաւարտականին ան իր դէմ պիտի ունենայ ճափոնցի Քէյ Նիշիքորին, որ 2-6, 6-4, 7-6, 4-6 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց խրուաթ Մարին Սիլիչի դէմ:
Յայտնենք, որ «Եու. Էս. Օփըն»-ը տարուան վերջին կրան շլեմի մրցաշարքն է:
Յաղթողի տիտղոսը կը պաշտպանէ աշխարհի թիւ 1 դասուած մարզիկը` սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ, որ կիսաւարտականին պիտի մրցի արժանթինցի Խուան Մարթին Տել Փոթրոյի դէմ: