Անգլիական «Միրըր» թերթը կը յայտնէ, որ Մանչեսթըր Եունայթըտի ֆրանսացի միջնապահ Փոլ Փոկպա հաշտուած է իր մարզիչին` Ժոզէ Մուրինիոյի հետ:
Փորթուգալցի մարզիչին հետ իր ունեցած հանդիպումէն ետք, Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի 25 տարեկան մարզիկը որոշած է չհեռանալ խումբէն:
Կողմերը պայմանաւորուած են, որ Փոկպա այդ մասին չմտածէ` մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը:
Բայց եւ այնպէս, Փոկպա մտադիր է հեռանալ Մանչեսթըր Եունայթըտէն եւ այդ հարցով պիտի զբաղի յառաջիկայ ամրան:
Նշուեցաւ, որ ցարդ Փոկպայով մօտէն հետաքրքրուած են Պարսելոնա եւ անոր նախկին ակումբը` Եուվենթուս: