Մասնակցութեամբ 11 երկիրներէ եկած փորձառու եւ անուանի վարորդներու, կիրակի, 23 սեպտեմբերին, Պէյրութի Նահատակաց հրապարակին շուրջ տեղի պիտի ունենայ «Ռետ Պուլ- Քար Փարք Տրիֆթ»-ը:
Տասը տարի առաջ սկիզբ առած ցուցադրական այս ելոյթները արդէն իսկ մեծ խանդավառութիւն կու գան հաղորդելու լիբանանցի մարզասէրներուն, որոնք բնականաբար հազարներով պիտի ուղղուին Պէյրութի Նահատակաց հրապարակ ներկայ գտնուելու այս իւրայատուկ ելոյթներուն:
«Ռետ Պուլ – Քար Փարք Տրիֆթ»-ը սկիզբ պիտի առնէ յետմիջօրէի ժամը 14:00-ին: