Իր մասնակցութիւնը բերելու համար Ալճերիոյ մէջ տեղի ունենալիք երիտասարդներու (17-18 տարեկան) արաբական հեծելարշաւի ախոյեանութեան, լիբանանեան պատուիրակութիւնը երէկ մեկնեցաւ Ալճերիա:
Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Քայսար Սալլում, մինչ մարզիկներն են` Քարլ Տեմիրճեան եւ Հատի Պաալպաքի:
Արաբական այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն արաբական 13 երկիրներ:
Տեմիրճեան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ ժամացոյցի դէմ մրցումին, մինչ Պաալպաքի եւ Տեմիրճեան` անհատական մրցումներու:
Այլ գետնի վրայ, Հասան Տիա եւ Ահմետ Ղոլ մեկնեցան Շուէտ` իրենց մասնակցութիւնը բերելու «Սմաք» միջազգային մրցումին:
Սթոքհոլմի մէջ անոնք պիտի մասնակցին ժամացոյցի (15 քմ) եւ ճամբու (43,2 քմ) մրցումներուն: