Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին եւ Լիբանանի ծովային դահուկարշաւի ֆետերասիոնին, շաբաթավերջին` 8-9 սեպտեմբերին տեղի պիտի ունենայ Ուէյքպորտի միջերկրականեան ախոյեանութիւնը:
Տեղի պիտի ունենան 10, 14, 16 եւ 18 տարեկան դասակարգի, ինչպէս նաեւ մեծ տղոց եւ աղջկանց, վեթերաններու եւ մասթըրզի մրցումները:
Ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Ուատիհ Զէյլահ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ առաջին անգամ ըլլալով տեղի ունենալիք այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 52 մարզիկներ, որոնցմէ ոմանք եկած են Արաբական երկիրներէ եւ Եւրոպայէն:
Այս ախոյեանութեան պիտի հսկեն արաբական եւ միջազգային ծովային դահուկարշաւի ֆետերասիոնին անդամները:
Միայն լիբանանցի մարզիկները իրենց արձանագրած արդիւնքներուն լոյսին տակ պիտի ստանան միջազգային կէտեր:
Շաբաթ օր տեղի պիտի ունենան զտումի մրցումները, իսկ կիրակի օր, կէսօրուան ժամերէն սկսեալ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 19:00, աւարտական հանգրուանի մրցումները: