Մարզական

Թենիսի Միջազգային Նոր Դասաւորում. Ճոքովիչ Բարձրացաւ Երկրորդ Դիրք

Թենիսի Միջազգային Նոր Դասաւորում. Ճոքովիչ Բարձրացաւ Երկրորդ Դիրք

Գասպարեան Կը Շարունակէ Յառաջդիմել Նովաք Ճոքովիչ Երէկ` երկուշաբթի, 15 հոկտեմբերին, թենիսի միջազգային ֆետերասիոնը հրապարակեց տղոց եւ աղջկանց նոր դասաւորումը: Տղոց դասաւորման մէջ սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ մնաց առաջին: Սակայն սերպ Նովաք Ճոքովիչ, որ նախորդ շաբաթավերջին տիրացաւ «Շանկհայ Մասթըրզ-1000»-ի միջազգային մրցաշարքի տիտղոսին, 3-րդ դիրքէն բարձրացաւ 2-րդ դիրք` շրջանցելով Ռոժէ Ֆետերերը (Զուիցերիա): Ռուսիոյ երկրորդ դասուած թենիսմեն, 22 տարեկան Կարէն Խաչանով բարձրացաւ 26-րդ դիրք...

Պարսելոնա Նոր Պայմանագրութիւն Մը Պիտի Առաջարկէ Մեսսիին

«Մունտօ Տեփորթիւօ» կը հաղորդէ, որ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պարսելոնա, մտադիր է նոր պայմանագրութիւն մը առաջարկել արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսիին: 31 տարեկան ֆութպոլիստին գործող պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2021: Քաթալոնական ակումբը կ՛ուզէ այդ համաձայնագիրը երկարաձգել նուազագոյնը մէկ տարի, ինչ որ կը նշանակէ, որ ան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին վերջ մը կրնայ դնել «Քամփ Նու»-ի մէջ:

Մոհամետ Սալահ Վիրաւոր Վերադարձաւ Լիվըրփուլ

Եգիպտոսի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ` Մոհամետ Սալահ կանուխ վերադարձաւ Լիվըրփուլ: «Տէյլի Մէյլ» հաղորդեց, որ 26 տարեկան ֆութպոլիստը վնասուածք ստացաւ նախորդ շաբաթավերջին իր կազմին Սուազիլենտի դէմ կատարած մրցումին եւ փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը: Այս մրցումին Եգիպտոս 4-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր: Եգիպտոսի մարզիչը` Խաւիէ Ակիրէ, արտօնեց Սալահին, որ վերադառնայ Անգլիա` նկատի ունենալով, որ ան վերոնշեալ ակումբին դէմ կատարուելիք դարձի մրցումին...

Մոնաքոյի Մարզիչի Պաշտօնը Ստանձնելուն Առիթով. Վենկեր Շնորհաւորեց Թիերի Հանրիին

Արսենալի նախկին մարզիչ Արսէն Վենկեր շնորհաւորեց Մոնաքոյի նոր մարզիչին` Թիերի Հանրիին, իր այս նոր պաշտօնը ստանձնելուն առիթով: «Հանրին շատ լաւ ընտրութիւն մըն է Մոնաքոյին համար: Ան արժանի է այս վստահութեան համար: Ան շատ խելացի է եւ հիանալի ձեւով կը հասկնայ ֆութպոլը: Ան պէտք է, շատ լաւ աշխատի` հասնելու համար յաջողութիւններու», ըսաւ Վենկեր: Հանրի անցեալին իրեն մարզիչ ունեցած է Վենկերը, երբ...

Միջազգային Ֆութպոլ. Սլովաքիա Պաշտօնանկ Ըրաւ Իր Մարզիչը

Սլովաքիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Եան Քոզաք պաշտօնանկ եղաւ, յայտնեց երկրին ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: «Ազգերու լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին Սլովաքիա իր դաշտին վրայ 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով Չեխիայէն, յաջորդ հանգրուան հասնելու իր յոյսերը ամբողջութեամբ կորսնցուց: 64 տարեկան մասնագէտը 2013-էն ի վեր Սլովաքիոյ խումբին մարզիչն էր:  

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Ապահովեց Բ. Հանգրուանի Իր Տոմսը` 2-0 Արդիւնքով Յաղթելէ Ետք Մապարրային

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ Ապահովեց Բ. Հանգրուանի Իր Տոմսը` 2-0 Արդիւնքով Յաղթելէ Ետք Մապարրային

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի Ա. հանգրուանի մրցումները, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ յաղթական կազմերը ապահովեցին Բ. հանգրուանի իրենց տոմսերը: ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը, որ Սաֆայի մարզադաշտին վրայ մրցեցաւ Մապարրայի դէմ, արձանագրեց 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: ՀՄԸՄ-ի առաջին կոլը նշանակեց Սերժ Չաքըրեան, իսկ երկրորդը` Սեմի Պիայէ: Կը շնորհաւորենք ՀՄԸՄ-ի արձանագրած այս յաղթանակը` անոր մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ եւ յաղթանակներ:...

Պասքեթպոլ. Լիբանանի Գերբաժակի Մրցաշարք.  ՀՄԸՄ Չկրցաւ Տիտղոսը Պահել Իր Մօտ, Հակառակ Անոր Որ Ա. Կիսախաղին Ունեցաւ Բացառիկ Ներկայացում Մը

Պասքեթպոլ. Լիբանանի Գերբաժակի Մրցաշարք. ՀՄԸՄ Չկրցաւ Տիտղոսը Պահել Իր Մօտ, Հակառակ Անոր Որ Ա. Կիսախաղին Ունեցաւ Բացառիկ Ներկայացում Մը

Երէկ գիշեր Զուք Միքայէլի «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրը հիւրընկալեց Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի գերբաժակի 2018-2019 տարեշրջանի մրցաշարքի ՀՄԸՄ - Ռիատի մրցումը` բազմաթիւ համակիրներու ներկայութեան, որոնք եկած էին քաջալերելու իրենց կազմը: Նախքան մրցումին ազդանշանին տրուիլը, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապի ներկաներէն խնդրեց, որ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեն յիշատակը Պասքեթպոլի միջազգային ֆետերասիոնի` ՖԻՊԱ-ի ընդհանուր քարտուղար Փաթրիք Պաումանի, որ երէկ մահացաւ սրտի կաթուածի...

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»- «Ազգերու Լիկա».  Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականը Պարտուեցաւ Ճիպրալթարէն (1-0)

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»- «Ազգերու Լիկա». Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականը Պարտուեցաւ Ճիպրալթարէն (1-0)

Շաբաթ, 13 հոկտեմբերին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ Երեւանի հանրապետական մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Ճիպրալթարը, կրեց 1-0 արդիւնքով անակնկալ պարտութիւն մը: «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի «Ազգերու լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի Դ. դասակարգի Դ. խմբակին մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին հիւր կազմը, որ կը գրաւէ ՖԻՖԱ-ի դասաւորման 198-րդ դիրքը, իր կոլը նշանակեց Ժոզեֆ Լուիս Շիփոլինայի միջոցով (50-րդ` փենալթիով): Հրայր Մկոյեան պատճառ դարձաւ փենալթիին:...

Պուէնոս Այրես. Պատանեկան Ողիմպիական. Հայաստանի Երկրորդ Մետալը

Արժանթինի մայրաքաղաք Պուէնոս Այրեսի մէջ շարունակուող պատանեկան ամառնային ողիմպիական խաղերուն, Հայաստան յաջողեցաւ տիրանալ իր երկրորդ մետալին: Պրոնզէ մետալակիր դարձաւ յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Սահակ Յովհաննիսեան (60 քկ), որ երրորդ դիրքին համար իր մղած պայքարին յաղթեց մեքսիքացի իր մրցակիցին: Ծանրաբարձ Կարէն Մարգարեան Հայաստանի համար ապահոված էր առաջին մետալը, երբ 77 քկ դասակարգին մէջ հանդիսացած էր ախոյեան:      

Աղջկանց Ֆութպոլի Գերբաժակի Մրցաշարք. Զուք Մոսպեհ Տիտղոսը Պահեց Իր Մօտ

Յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով` Զուք Մոսպեհ տիրացաւ աղջկանց ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքի տիտղոսին, երբ 5-0 արդիւնքով (կիսախաղ` 3-0) յաղթեց Սթարզ Աքատեմիին, Ժունիէի «Ֆուատ Շեհապ» մարզադաշտին վրայ իր կատարած մրցումին: Մրցումի աւարտին Լիբանանի աղջկանց ֆութպոլի յանձնախումբի նախագահ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի անդամ Ժորժ Սոլաժ տիտղոսը յանձնեց Զուք Մոսպեհի խմբապետ Նենսի Չայլեանի: Մրցումին կեդրոնի իրաւարարն էր Տըմուհ Պիքար, կողմի իրաւարարները` Նուր Քաշլի եւ Տիանա...

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնը Իր Ցաւակցութիւնը Յայտնեց Փաթրիք Պաումանի Մահուան Առիթով

Պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով` Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը իր ցաւակցութիւնը յայտնեց Պասքեթպոլի միջազգային ֆետերասիոնի` ՖԻՊԱ-ի ընդհանուր քարտուղար Փաթրիք Պաումանի (զուիցերիացի) մահուան առիթով: Պաումանի մահը պատահած էր երէկ` կիրակի, 14 հոկտեմբերին, սրտի կաթուածի պատճառով: Ֆետերասիոնը լիբանանեան պասքեթպոլի մեծ ընտանիքին անունով ցաւակցութիւն յայտնեց Պաումանի ընտանիքին եւ հարազատներուն` յայտնելով, որ ան բաւական սերտ կապեր ունէր Լիբանանի հետ:

Պասքեթպոլ. Հուսամէտտին Հարիրիի Անուան Միջազգային 28-րդ Մրցաշարք. Ահլի Պընղազի Քաշուեցաւ Մրցաշարքէն

Այսօր Բացման Հանդիսութիւնը, Ապա` Ռիատի - Իթթիհատ Մանսթիրի Այսօր` երկուշաբթի, 15 հոկտեմբերին, ազդանշանը կը տրուի Հուսամէտտին Հարիրիի անուան պասքեթպոլի միջազգային 28-րդ մրցաշարքին, երբ տեղի կ՛ունենայ բացման հանդիսութիւնը, որմէ ետք երեկոյեան ժամը 20:30-ին պիտի կատարուի Ռիատի Պէյրութ - Իթթիհատ Մանսթիրի (Թունուզ) մրցումը: Բացման մրցումը պիտի սկսի մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ` ի յարգանս ՖԻՊԱ-ի ընդհանուր քարտուղար Փաթրիք Պաումանի, որ երէկ մահացաւ սրտի...

Արաբական Ֆութպոլ. Քուէյթ Կասեցուց Լիբանանի Անպարտելիութեան Շարքը

Ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, Լիբանան, որ հիւրը եղաւ Քուէյթի, կրեց 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը: Աւելի քան 600 հանդիսատեսներու ներկայութեան, Ֆայսալ Զայետ 80-րդ վայրկեանին նշանակեց մրցումին միակ կոլը: Ֆութպոլի բարեկամական մրցումները ընդհանրապէս առիթ մըն են մարզիչներուն համար` փորձելու իրենց նորեկները: Սակայն այս պարտութիւնը եկաւ կասեցնելու մայրիներու կազմին յառաջխաղացքը: Անիկա վերջին 16 մրցումներուն երբեք պարտութիւն չէր կրած: Երկու կազմերուն միջեւ...

Պըրժի Պատասխանատուներէն Ֆայեզ Ռահհալ Հրաժարեցաւ

Պըրժ ֆութպոլի ակումբին պատասխանատուներէն` Ֆայեզ Ռահհալ յայտարարեց, որ ան իր հրաժարականը կը ներկայացնէ եւ կը դադրի յանձնախումբի անդամ ըլլալէ: Ան ըսաւ, թէ ասիկա տեղի կ՛ունենայ անձնական պատճառներով, որովհետեւ ինք ոչ մէկ հարց ունի ակումբին հետ, մանաւանդ որ երկար տարիներ աշխատած է ի խնդիր ակումբին շահերուն: Ան յաջողութիւն յայտնեց ակումբին` յոյս յայտնելով, որ անիկա շուտով կը բարձրանայ Ա. դասակարգ:

Պասքեթպոլ. Լիբանանի Գերբաժակի Մրցաշարք.  Յատուկ Դասաւորումներ` ՀՄԸՄ – Ռիատի Մրցումին Վերաբերեալ

Պասքեթպոլ. Լիբանանի Գերբաժակի Մրցաշարք. Վաղը` ՀՄԸՄ – Ռիատի

Վաղը` կիրակի, 14 հոկտեմբեր 2018-ին, ազդանշանը կը տրուի Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանին, երբ տեղի կ՛ունենայ Լիբանանի գերբաժակի մրցաշարքին ՀՄԸՄ - Ռիատի մրցումը: Այս ճակատումը, որ տեղի պիտի ունենայ «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ), պիտի սկսի ժամը 21:30-ին: Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը այս մրցումին գծով կատարեց յատուկ կարգադրութիւններ: Նախ եւ առաջ, իւրաքանչիւր ակումբի տրամադրուած պիտի ըլլան միայն...

«Ազգերու Լիկա»-ի Մրցաշարք. Այսօր Հայաստան – Ճիպրալթար Մրցումը` Երեւանի Մէջ

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի ֆութպոլի «Ազգերու լիկա»-ի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Դ. դասակարգի Դ. խմբակին մաս կազմող Հայաստանի ազգային հաւաքականը այսօր` շաբաթ, 13 հոկտեմբերին կը մրցի Ճիպրալթարի դէմ: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Երեւանի հանրապետական մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 19:00-ին` Լիբանանի ժամանակացոյցով: Հայաստան, որ ցարդ կատարած է 2 մրցում, արձանագրած է յաղթանակ մը եւ կրած պարտութիւն մը, մինչ մրցակիցը...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Այսօր` Մապարրա – ՀՄԸՄ

Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի 2018-2019 տարեշրջանի Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 13 հոկտեմբերին ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը մրցում մը ունի կատարելիք, երբ մրցի Մապարրայի դէմ: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Սաֆայի դաշտին վրայ, պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին: ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը: Ստորեւ` շաբաթավերջի մրցումներուն յայտագիրը. ՇԱԲԱԹ, 13 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ Նըժում...

Պուէնոս Այրես. Պատանեկան Ողիմպիականի Խաղեր. Կարէն Մարգարեան Հայաստանին Ապահովեց Առաջին Ոսկի Մետալը

Պուէնոս Այրեսի մէջ (Արժանթին) շարունակուող պատանեկան ողիմպիականի ամառնային խաղերուն, Հայաստանի առաջին մետալին տիրացաւ ծանրաբարձ Կարէն Մարգարեան, որ հանդիսացաւ ախոյեան: 77 քկ դասակարգին մէջ, երկամարտի մրցումներուն, Եւրոպայի պատանիներու կրկնակի ախոյեան Մարգարեան արձանագրեց 309 քկ արդիւնք մը (141+168): Երկրորդ հանդիսացողը հայրենի ըմբիշէն ետ մնաց միայն մէկ քիլոկրամով: Յայտնենք, որ ծանրաբարձութեան մրցումներուն Հայաստան ունի այլ ներկայացուցիչ մըն ալ` Լիանա Գիւրջեան (63 քկ):

Հայաստանի Ազգային Հաւաքականի Ֆութպոլիստը Միացաւ Երիտասարդական Խումբին

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի հաւաքին մասնակցած Փիւնիկ Երեւանի յետսապահ Արթուր Քարտաշեան միացաւ Հայաստանի 21 տարեկանէն վար հաւաքականին` մեկնելու համար Սերպիա: Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականը երեքշաբթի, 16 հոկտեմբերին Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ իր վերջին մրցումը պիտի կատարէ Սերպիոյ դէմ:

Կիրակի, 14 Հոկտեմբերին. Աքրամ Հալապի Կու Տայ Մամլոյ Ասուլիս Մը

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապի վաղը` կիրակի, 14 հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 19:30-ին, «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ, պիտի տայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պաշտօնապէս պիտի յայտարարէ իրաւարարներու յատուկ ակադեմիային բացման մասին, որ պիտի սկսի գործել Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին հովանաւորութեամբ:  

Page 781 of 1278 1 … 780 781 782 … 1,278

Արխիւներ