Եգիպտոսի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ` Մոհամետ Սալահ կանուխ վերադարձաւ Լիվըրփուլ:
«Տէյլի Մէյլ» հաղորդեց, որ 26 տարեկան ֆութպոլիստը վնասուածք ստացաւ նախորդ շաբաթավերջին իր կազմին Սուազիլենտի դէմ կատարած մրցումին եւ փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը: Այս մրցումին Եգիպտոս 4-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր:
Եգիպտոսի մարզիչը` Խաւիէ Ակիրէ, արտօնեց Սալահին, որ վերադառնայ Անգլիա` նկատի ունենալով, որ ան վերոնշեալ ակումբին դէմ կատարուելիք դարձի մրցումին պիտի չկարենայ մասնակցիլ:
Վերոնշեալ մրցումին Մոհամետ Սալահ նշանակած էր Եգիպտոսի կոլերէն մէկը:



