Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի Ա. հանգրուանի մրցումները, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ յաղթական կազմերը ապահովեցին Բ. հանգրուանի իրենց տոմսերը:
ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը, որ Սաֆայի մարզադաշտին վրայ մրցեցաւ Մապարրայի դէմ, արձանագրեց 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
ՀՄԸՄ-ի առաջին կոլը նշանակեց Սերժ Չաքըրեան, իսկ երկրորդը` Սեմի Պիայէ:
Կը շնորհաւորենք ՀՄԸՄ-ի արձանագրած այս յաղթանակը` անոր մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ եւ յաղթանակներ: