«Մունտօ Տեփորթիւօ» կը հաղորդէ, որ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պարսելոնա, մտադիր է նոր պայմանագրութիւն մը առաջարկել արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսիին:
31 տարեկան ֆութպոլիստին գործող պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2021:
Քաթալոնական ակումբը կ՛ուզէ այդ համաձայնագիրը երկարաձգել նուազագոյնը մէկ տարի, ինչ որ կը նշանակէ, որ ան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին վերջ մը կրնայ դնել «Քամփ Նու»-ի մէջ:



